login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի առցանց աշխատանիստեր. Արցախի Հայկական մշակութային ժառանգութիւն 11/20/2023

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) կազմակերպեց առցանց աշխատանիստեր նուիրուած Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան:  

 

Առաջին աշխատանիստը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 28-ին, «Բացայայտենք Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը» խորագրով:  Օրուան բանախօսն էր մշակութաբան, միջազգային մշակութային ժառանգութեան մասնագէտ Արմինէ Տիգրանեանը:  

 

4000 տարուան պատմութիւն ունեցող Արցախի մէջ հայերը 2000 տարիէ ի վեր ապրած եւ ստեղծագործած են: Սակայն այսօր, հայերու ստեղծած մշակութային ժառանգութիւնը վտանգուած է, յատկապէս Ատրպէյճանի վերջին յարձակումէն ետք: 

 

Արմինէ Տիգրանեան ներկայացնելով Արցախի ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը, կը նշէ . «Ժառանգութիւնը անցեալ չէ, այլ՝ ապագայ: Անցեալի մասին տեղեկութիւն չունենալով, ապագան եւս կը մնայ անյայտ»:  

 

Ան խօսեցաւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան առնչուող պայմանագիրներուն եւ իրաւական գործարքներուն մասին, անդրադառնալով զինեալ բախումներու պարագային մշակութային արժէքներու պահպանման Հաագայի պայմանագիրին, ուր նշուած է. «... մշակութային արժէքներուն ուղղուած որեւէ վնաս, անկախ պատկանելիութենէն, ամբողջ մարդկութեան մշակութային ժառանգութեան կորուստ կը համարուի, որովհետեւ իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր ներդրումը ունի համաշխարհային մշակոյթին մէջ»:   

 

Ատրպէյճանը անընդհատ կը խախտէ միջազգային պայմանագիրները, հակառակ վաւերացուած փաստաթուղթերուն եւ հաստատումներուն:  Ատրպէյճանի պետութիւնը կը ջնջէ հայկական մշակոյթի բոլոր հետքերը, ոչնչացնելով պատմական վայրերն ու յուշարձանները, կամ անուանափոխելով եւ պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրելով: 

 

Միջազգային իրազեկումն ու փաստերու զանգուածային տարածումը կրնան նպաստել Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման: Այս առումով ՀՀՀ-ի առցանց աշխատանիստերը իրենց կարեւոր ներդրումն ունին: 

 

Առցանց աշխատանիստերը տեղի կ'ունենան ՀՀՀ-ի կրթական հարթակին: Այս հարթակին անվճար արձանագրուելով կրնաք հետեւիլ հայկական տարբեր նիւթերուն նուիրուած աշխատանիստերուն, առցանց շրջագայութիւններուն եւ յայտնի հիւր բանախօսներու վարած հանդիպումներուն: 

 

Առցանց հարթակին միանալու եւ աշխատանիստերուն հետեւելու համար սեղմեցէ՛ք այստեղ here