login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի գործընկերոջ մրցանակը՝ ուսումնական ծրագիրի մասնակցութեան համար 03/11/2022

ՀՀՀ –ի շրջանաւարտներէն Մայքլ Քանինկհեմը, Օսթինի Համաշխարհային յարաբերութիւններու խորհուրդի գիտնականներու տիպլոմային ծրագիրի տնօրէնը, ստացած է Հայ դատի ԱՄՆ Արեւմտեան ափի յանձնախումբի կրթական հարցերով յանձնաժողովի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած կրթական մրցանակը:  Սոյն ծրագիրը, որ կը կրէ «Միջազգային կրթութիւն եւ ցեղասպանութեան իրազեկում» խորագիրը, նախաձեռնուած է ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի համագործակցութեամբ:


2021-ի աշնան Համաշխարհային գիտնականներու տիպլոմային ծրագիրին միացած երեք դպրոց հետեւեցան ՀՀՀ-ի հայոց պատմութեան դասընթացքին: Թէքսասի Տէլ Վալի երկրորդական վարժարանի եւ Կուատամալայի ու Թայուանի  երկու միջազգային դպրոցներու աշակերտներուն համար դասընթացքը առիթ էր ուսումնասիրելու հայոց ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններու դրդապատճառներն ու անոնց հետեւանքները:


Սառա Ս. ԱլՍուաճետին կը նշէ. «Կը կարծեմ, որ ուրիշ երկիրներու պատմութիւնը ուսումնասիրելը կարեւոր է, քանի որ կ'օգնէ հասկնալու մեր նախնիներուն յարաբերութիւններն ու ընթացքը: Այս դասընթացքին հետեւելէ առաջ, Հայաստանի պատմութիւնը չէի գիտեր, հայաստանը չէի ճանչնար: Սիրեցի, որ դասերը ձայնագրութիւն ալ ունին: Եթէ ՀՀՀ-ի մէկ այլ դասընթացքին մասնակցելու առիթն ունենայի, մեծ սիրով նորէն կը հետեւէի»: Սառան Տէլ Վալի դպրոցի երեք աշակերտներէն մէկն է, որ ՀՀՀ-ի պատմութեան դասընթացքը աւարտեց եւ վկայական ստացաւ: 


Պրն. Գանինկհամ կը գրէ. « ՀՀՀ-ը կարեւոր դեր ունի իմ յաջողութեան մէջ»:  իր նպատակն է ծրագիրի յաջորդ մակարդակը ներկայացնել աշխարհի տարբեր դպրոցներու մէջ եւ ներգրաւել աւելի շատ դպրոցներ: