Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

Լոնտոն կայացած «Ճատրակ եւ կրթութիւն» 7-րդ միջազգային գիտաժողովին (Նոյեմբեր, 2019) ներկայացուեցաւ ՀՀՀ-ի ճատրակի ուսուցիչներու վերապատրաստման առցանց ծրագիրը։ FIDE-ի Ճատրակի համաշխարհային ֆետերացիայի, Ճատրակի եւրոպական միութեան եւ այլ ազդեցիկ կազմակերպութիւններու հովանաւորութեամբ այս խոշոր իրադարձութեան ներկայ էին մասնակիցներ 32 երկիրներէ:
ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ Սարգիս Մազմանեանը խօսեցաւ կրթական համակարգի այս կարեւոր բաղադրիչին՝ ճատրակի մասին եւ նշեց ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագրի առանձնայատկութիւններն ու հիմնական առաւելութիւնները:
Այս ծրագիրը ձեւաւորուած է ՀՀՀ-ի եւ Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի համագործակցութեամբ։ Մշակման աշխատանքներուն մասնակցած են ճատրակային կրթութեան եւ մանկական հոգեբանութեան ոլորտի առաջատար փորձագէտներ: Կը ներառէ նաեւ ՀՀՀ-ի ճատրակի առցանց դասընթացքը, որ նոյնպէս մշակուած է Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի հետ համատեղ:
Ծրագիրը կ՚ընդգրկէ դասաւանդման գործնական հիմունքներն ու մեթոտները։ Դասերը յագեցած են ներգործօն վարժութիւններով եւ ուսումնական իրական օրինակներով այն դպրոցներէն, որոնք իրենց ուսումնական ծրագրին մէջ կ՚օգտագործեն ՀՀՀ-ի ճատրակի առցանց դասընթացքները:
Ծրագրի ներկայացումը մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուց: FIDE-ի «Ճատրակը կրթական համակարգի մէջ» յանձնաժողովի ղեակավար, Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի նախագահ Սմբատ Լպուտեանը պատասխանեց մասնակիցներու հարցումներուն:
Նշենք, որ նախապէս, 2019-ի Մայիսին, այս ծրագիրը ներկայացուած է Ծաղկաձոր տեղի ունեցած «Ճատրակային կրթութեան արդի վիճակը եւ զարգացման միտումները» խորագրով միջազգային գիտաժողովին: