Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Հոկտեմբեր 9-12, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանքոֆոնի 17-րդ գագաթնաժողովը։ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը մասնակցեցաւայդ ընթացքին կազմակերպուած Տնտեսական ֆորումին եւ Ֆրանքոֆոն մամուլի միջազգային միութեան (UPF) 47-րդ նստաշրջանին։ ՀՀՀ-ի «Բացայայտենք Երեւանը» ել. գիրքը հանդիսացաւ Երեւան ժամանած հիւրերու ելեկտրոնային ուղեկիցը:
Տնտեսական ֆորումին ներկայ էին առաջատար փորձագէտներ Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէն։ Ֆորումի պաշտօնական բացումը յայտարարեց ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը եւ Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանը: Չորրորդ արդիւնաբերական յեղափոխութեան եւ աշխատանքի ապագային նուիրուած նիստի ընթացքին ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Երուանդ Զօրեանը եւ նշանաւոր այլ մասնագէտներ ներկայացուցին ճարտարագիտութեան զարգացման մասին իրենց տեսլականը։
ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութիւնը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանը,«Հեռավար Կրթութիւն. Թէ Ինչպէ՛ս Հայկական Համացանցային Համալսարանը Կը Ծառայէ Ամբողջ Ազգին» խորագիրով ելոյթի ընթացքին խօսեցաւ այն պայմաններուն մասին, որոնց պատճառով հայկական աւանդական գաղութները եւ անոնց դերը հայապահպանման գործունէութեան մէջ՝ տկարացած են։ Նշեց, որ աշխարհասփիւռ հայ ազգը կարիք ունի կրթական համաշխարհային հարթակի մը, որ պիտի օգնէ բոլորին ոչ թէ միայն գիտելիքներ ձեռք բերելու հայկական ժառանգի մասին, այլեւ կապ ստեղծելու ամբողջ աշխարհի հայերու միջեւ: Հաստատեց, որ ՀՀՀ-ը ոչ թէ միայն հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ սորվելու արդի եւ արդիւնաւէտ միջոց է, այլ ազգային ինքնութեան պահպանման հզօր միջոց։
ՀՀՀ-ի փորձառութեամբ հետաքրքրուածները մտածեցին կրթական նման հարթակ ստեղծել իրենց երկիրներուն մէջ։
Ֆրանքոֆոն Մամուլի Միջազգաին Միութեան 47-րդ նստաշրջանին, ՀՀՀ-ի տաղաւարին մէջ ներկայացուեցաւ ել. գիրքերու շարքը՝ ֆրանսերէն լեզուով։ Ներկաներու ուշադրութիւնը գրաւեց յատկապէս Երեւանին նուիրուած ել. գիրքը՝ իր ներգործօն եւ հարուստ բովանդակութեամբ։
«Բացայայտենք Երեւանը» ել. գիրքը հասանելի էր ֆրանքոֆոնիգագաթնաժողովի official website եւ “Le Courrier d'Erevan” տեղեկատուական կայքերով։