login
Յօդուածներ
Հայկական Առցանց կամուրջը ամփոփեց արագացուած ծրագիրը 11/26/2021

22 Նոյեմբեր 2021-ին, Երեւանի Պետական Համալսարանի մէջ յատուկ ձեռնարկով մը տեղի ունեցաւ Հայկական Առցանց կամուրջի արագացուած ծրագիրի (AVB) ամփոփումը: Ծրագիրը անցեալ աշնան կազմուած է ՀԲԸՄ-ի Սիլիքոն Վալիի եւ  ՀՀ բարձր տեխնոլոկիական արդիւնաբերութեան նախարարութեան կողմէ  եւ իրականացուած՝ ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսաանի (ՀՀՀ) միջոցով:


Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՀ բարձր տեխնոլոկիական արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն  Խաչատուրեանը, ՀԲԸՄ-ի Սիլիքոն Վալիի մասնաճիւղի ատենապետ եւ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեանը, startup-երու հիմնադիրներ եւ գործադիր տնօրէններ, խորհրդատու-առաջնորդներ եւ մասնակցող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

 
Անցեալ աշնան, Հայկական Երեւութական կամուրջի արագացուած ծրագիրին դիմած 105 դիմորդներէն  ընտրուեցան եւ մասնակցելու առիթը ունեցաւ 15 startup: 8 շաբթուան առցանց խտացեալ դասընթացքները վարեցին վաճառքի, առեւտուրի,  իրաւաբանական եւ ելեւմտային ոլորտներու յատնի մասնագէտներ: Առաւել startup-երու գործադիր տնօրէններ եւ հիմնադիրներ, փորձագէտներու հետ միասին, ամբողջ ծրագիրի ընթացքին կարեւոր խորհուրդներ ներկայացուցին: Յունուար 28-ին,  մասնակիցները իրենց  նախագիծերը ներկայացուցին Սիլիքոն Վալիի ներդրողներուն:


Ձեռնարկին մասնակցած  startup-երու հիմնադիրներն ու գործադիր տնօրէնները այս ծրագիրին յետագայ քայլերուն վերաբերեալ  իրենց կարծիքներով կիսուեցան: Սիլիքոն Վալիէն խորհրդատու-առաջնորդներն ալ առցանց մասնակցեցան եւ փոխանցեցին իրենց փորձն ու խորհուրդները:


Գործադիր տնօրէն եւ ծրագիրի մասնակից Գերասիմ Յովհաննիսեան կը նշէ. « Անցեալ տարի, եկամուտի առումով մօտաւորապէս 8 անգամ աւելի աճած ենք. անշուշտ, այս յաջողութեան անկարելի էր հասնիլ առանց հայկական համայնքին  եւ AVB ծրագիրի ներդրումին»:


AVB ծրագիրին նպատակն է կապ հաստատել Հայաստանի նորարար, ստեղծագործ տաղանդներու  եւ աշխարհի առաջատար ճարտարագիտութեան կեդրոնի՝ Սիլիքոն Վալիի միջեւ: Համաշխարհային համավարակի պատճառով՝ ծրագիրը առցանց էր: ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանը իր մասնագիտական փորձն ու կրթական առցանց հարթակը տրամադրեց սոյն ծրագիրի յաջողութիւնը ապահովելու համար: