login
Յօդուածներ
Ջաւախքի Հայ Երիտասարդները Կը Ծանօթանան ՀՀՀ-ի Առցանց Դասընթացքներուն 01/15/2018

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը «Ջաւախքի Աջակցութիւն» հիմնադրամի հետ համատեղ կը շարունակէ Ջաւախքի հայ երիտասարդներուն ներկայացնել առցանց կրթութեան հնարաւորութիւնները։

 

Յունուար 11-ին, ՀՀՀ-ը իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Ջաւախքի պարային մանկական խումբի անդամները։ ՀՀՀ-ի գործառնական տնօրէն Գառնիկ Սեւոյեանը հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանը եւ արեւմտահայերէնի հեռավար ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեանը ներկայացուցին ՀՀՀ-ի ծրագիրները եւ ել. գիրքերը։

 

Ջաւախքի հայ երիտասարդները հայերէն կը խօսին, սակայն Ջաւախքի հայկական դպրոցներու լեզուի ուսուցման մակարդակը անբաւարար է։ Այս թերին բացասականօրէն կ՚անդրադառնայ այն ուսանողներուն վրայ, որոնք Հայաստան կու գան իրենց ուսումը շարունակելու համար։ «Ջաւախքի Աջակցութիւն» հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի խորհրդական Անի Պետրոսեանը դիմելով երեխաներուն, ըսաւ.« Առցանց դասընթացքները լաւ հնարաւորութիւն են բարելաւելու հայոց լեզուի իմացութիւնը։ Այս առիթէն օգտուեցէք, որովհետեւ կրնայ դառնալ ձեր յետագայ յաջողութեան բանալին»։

 

Յատուկ հետաքրքրութիւն յառաջացուց ճատրակի դասընթացքը։ Ի տարբերութիւն Հայաստանի, Վրաստանի մէջ ճատրակը հանրակրթարաններէն ներս դասաւանդուող նիւթ չէ։ Երեխաներէն ոչ մէկը գիտէր ճատրակ խաղալ, բայց հետաքրքրութեամբ եւ ոգեւորութեամբ հետեւեցան ճատրակի դասին։ Անոնց ուշադրութիւնը գրաւեց նաեւ երաժշտութեան դասընթացքը, որ հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալու ժողովրդական պարերու պատմութեան։

 

Այս մէկը «Ջաւախքի Աջակցութիւն» հիմնադրամի հետ կազմակերպուած Ջաւախքի երիտասարդներու երկրորդ այցելութիւնն է։ 2017-ի աշնան, ՀՀՀ-ը Ջաւախքէն խումբ մը եւս հիւրընկալած էր։ Հիմնադրամը հետամուտ է ՀՀՀ-ի գործունէութեան մասին տեղեակ պահելու Ջաւախքի հայերը, միասնական ջանքերով ազգային մշակոյթն ու ինքնութիւնը պահպանելու հեռանկարով։