Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
16 Նոյեմբեր 2017-ին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց Լեզուի Անաղարտութիւնը Եւ Առցանց Կրթութիւնը» բնաբանով համաժողով մը, զոր կազմակերպած էր հայոց լեզուի պահպանման հարցերով զբաղող «Մեսրոպեան Ուխտ» կազմակերպութիւնը։
Դոկտ. Յակոբ Այնթապլեանը եւ փրոֆ. Արտէմ Սարգիսեանը ներկայացուցին իրենց նոր գիրքը, որ օտար բառերու հայերէն համարժէքներու բառարան մըն է։ Անոնք խօսեցան հայոց լեզուն առողջ պահելու կարեւորութեան մասին։ Դոկտ. Այնթապլեանը, նաեւ ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ը շեշտելով, որ լեզու սորվելու լաւագոյն հնարաւորութիւնն է։ Ան կարեւորեց ՀՀՀ-ի ունեցած դերը հայերէնի պահպանման մէջ։
ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան Տեմիրճեան վարժարանի եւ ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրի ուսուցչուհի Սեւան Տէր Պետրոսեանը հրաւիրուած էր այս համաժողովին, որպէսզի խօսի ՀՀՀ-ի առաքելութեան եւ առցանց կրթութեան առանձնայատկութիւններու մասին։ Դպրոցը ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին մասնակցած է 2011-էն եւ այսօր Սեւանի դասարանի 33 աշակերտները հայերէն կը սորվին՝ օգտուելով առցանց եւ աւանդական կրթութեան հնարաւորութիւններէն։
Ներկաները բարձր գնահատեցին ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը եւ առաջարկեցին հայերէն լեզու դասաւանդել նաեւ պարսկերէնով՝ Իրան ապրող հայերու համար։