login
Յօդուածներ
Արեւմտահայերէնի Պահպանումը Եւ Զարգացումը 10/27/2017

Հոկտեմբեր 26-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած տեսաժողովին, որ նուիրուած էր արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման։

 

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը հաստատեց, որ արեւմտահայերէնի պահպանումն ու զարգացումը առաջնային է Հայաստանի համար եւ տեսաժողովի նպատակը ներկայ խնդիրները, տեսակէտները քննարկելն ու արեւմտահայերէնի զարգացման պետական ռազմավարութիւնը մշակելն է։

 

Տեսաժողովին մասնակցեցան գիտնականներ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայէն, Մատենադարանէն, Հայաստանի եւ սփիւռքի շարք մը համալսարաններէն ու կազմակերպութիւններէն: Քննարկեցին լեզուի պահպանման մարտահրաւէրները եւ զանոնք յաղթահարելու ուղիները։

 

Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը, առցանց կրթութեամբ արեւմտահայերէնի զարգացման հնարաւորութիւնները։ Աշխարհի տարբեր երկիրներէն մօտաւորապէս 23.000 ուսանող ունեցող ՀՀՀ-ը ապացուցած է, որ այս համալսարանը արդիւնաւէտ ու ժամանակակից այն ուղին է, որ կը դասաւանդէ հայոց լեզու, պատմութիւն ու մշակոյթ եւ կը նպաստէ սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանմանը։

 

Դոկտ. Զօրեանը նշեց. «Կրթութեան կողքին մենք կը տրամադրենք համաշխարհային ցանց մը, ուր աշխարհասփիւռ հայերը իրարու հետ կրնան հաղորդակցիլ ու միանալ նոր ծրագիրներ նախաձեռնելով»։