Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

Ֆրանսա
Սեպտեմբեր 2017-ին, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի շաբաթօրեայ դպրոցը մասնակցեցաւ ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին։ Դասընթացքները կիրառելը կարելի դարձաւ դպրոցի հայերէն լեզուի ուսուցիչ Մկրտիչ Պասմաճեանի շնորհիւ, որ նախապէս Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին, ՀՀՀամալսարանէն ներս 5 օր մասնակցեցաւ վերապատրաստման դասընթացքին։
Մօտաւորապէս 20 ուսանող, տարբեր տարիքի, մեծ հետաքրքրութեամբ եւ խանդավառութեամբ կը մասնակցին ֆրանսերէն լեզուով արեւմտահայերէնի շաբաթական դասընթացքին։
Պուլկարիա
ՀԲԸՄ-ի Հասքովոյի շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները շուտով կը սորվին հայերէն լեզուն ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին միջոցով։ Նոյեմբեր, 2017-ին, Փլովտիւի հիպրիթ դասարանի ուսուցչուհի Ալվարդ Պատուականեանը Հասքովոյի մէջ ներկայացուց հիպրիթ ծրագիրի առաւելութիւնները, որոնք գրաւեցին ներկաներու հետաքրքրութիւնը։
ՀՀՀ-ը միշտ կը համագործակցի ՀԲԸՄ-ի Փլովտիւի շաբաթօրեայ դպրոցին եւ ՀԲԸՄ-ի Սոֆիայի կիրակնօրեայ դպրոցին հետ, տրամադրելով հայոց լեզուի դասընթացքներ։
2017-ի Յուլիսին, ՀԲԸՄ-ի Փլովտիւի մասնաճիւղի «Հայլեռ» ամառնային ճամբարի աւելի քան 40 մասնակիցներ հետեւեցան ՀՀՀ-ի հայերէն լեզուի դասընթացքներուն եւ ընկերային –մշակութային միջոցառումով ծանօթացան մեր տօներէն՝ Վարդավառին։