login
Յօդուածներ
Սփիւռքի Նախարարութիւնը Եւ ՀՀՀ-ը Միասին Նշեցին UNESCO-ի Հաստատած Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրը 02/28/2017
1999-էն ի վեր, UNESCO-ն, կը պաշտպանէ մայրենի լեզուի իրաւունքները, Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրուան միջոցով։ Ընդհանուր նպատակն է խթանել մայրենի լեզուի իմացութիւնը եւ միջ-մշակութային հաղորդակցութիւնը։ Այս տարի, 21 Փետրուար 2017-ին, Մայրենիի Օրուան նուիրուած ձեռնարկներ տեղի ունեցան UNESCO-ի կեդրոնի եւ տարբեր երկիրներու մէջ։ Հայաստանի մէջ Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրը յատկանշուեցաւ ՀՀՀ-ի գործօն մասնակցութեամբ։ Համագործակցելով ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան հետ, ՀՀՀ-ը մասնակցեցաւ «Խնկօ-Ապեր»-ի անուան ազգային մանկական գրադարանին մէջ տեղի ունեցած Գիրքի Երեւանեան 13-րդ Ցուցահանդէս-Վաճառքին, Գիտութիւններու Ազգ. Ակադեմիայի մէջ կայացած կլոր-սեղան քննարկումին եւ արեւմտահայերէնի պահպանման հիմնախնդիրներուն նուիրուած՝ Հայաստան-Լիբանան տեսաժողովին։ Առաւել, ՀՀՀ-ը այս առթիւ երեւութական յատուկ ակումբ մը ստեղծեց՝ իր շրջանաւարտներուն համար։ Մայրենիի Օրուան նուիրուած ձեռնարկներուն շարքը եզրափակուեցաւ Հալէպի եւ Երեւանի հայկական դպրոցներու միջեւ հաստատուած առցանց կապով։ Ձեռնարկներու շարքը սկիզբ առաւ «Խնկօ-Ապեր»-ի անուան ազգային մանկական գրադարանին մէջ տեղի ունեցած Գիրքի Երեւանեան 13-րդ Ցուցահանդէս-Վաճառքով։ Փետրուար 18-էն մինչեւ Փետրուար 21, ՀՀՀ-ի եւ Սփիւռքի Նախարարութեան համատեղ տաղաւարէն ներս, ՀՀՀ-ը ներկայացուց իր ներգործօն ել. գիրքերու շարքը եւ հայերէնի առցանց դասընթացքները: Ցոյց տուաւ նոր սերունդի պահանջքները բաւարարող, արդի մօտեցումներով պատրաստուած ծրագիրը: Ցուցահանդէս-Վաճառքին բացման արարողութեան ընթացքին, նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը նշեց. «Այս եզակի կառոյցը առանձնայատուկ է իր նորարարական գաղափարներով: Նոր սերունդի ընթերցողները ելեկտրոնային հրապարակումներու կարիքը ունին: Նախարարութիւնը պիտի աջակցի համալսարանին, ել. գիրքի մասին իրազեկութիւնը բարձրացնելու համար»: ՀՀՀ-ի մասնակցութիւնը, Փետրուար 20–ին տեղի ունեցած կլոր-սեղան քննարկմանը, շատ կարեւոր էր, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ՀՀՀ-ը կ՚արժեւորէ մայրենի լեզուն, որպէս հայերը զիրար միացնող հիմնական միջոց։ Սոյն միջոցառումը կը կրէր «Հայերէնը՝ Դասագիրքերու Մէջ» խորագիրը եւ կազմակերպուած էր ՀՀՀ-ի, ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան եւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի համատեղ ջանքերով: Քննարկումի ընթացքին, ՀՀՀ-ը յաջողութեամբ ներկայացուց իր նորարարական մօտեցումները։ ՀՀՀ-ի հիմնադիր Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը, տեսակապով միացաւ քննարկումին եւ ընդգծեց, որ հայերը զիրար միացնող ամենակարեւոր գործօնը՝ մայրենի լեզուն է: ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանը ներկայացուց առցանց ուսումնական նիւթի մշակման փորձառութիւնը եւ շեշտեց. «Հեռավար ուսուցումը եւ արդի ճարտարագիտութեան կիրառումը պէտք է, որ ունենան իրենց ուրոյն տեղը նոր մշակուող լեզուաքաղաքականութեան մէջ. իսկ, նոր կազմուող դասագիրքերը պէտք է, որ հասանելի ըլլան նաեւ՝ սփիւռքին»: Փետրուար 24-ին տեղի ունեցած Հայաստան-Լիբանան տեսաժողովը նուիրուած էր արեւմտահայերէնի պահպանման հիմնահարցերուն: Միջոցառման ընթացքին, ՀՀՀ-ի ակադեմական տնօրէն՝ Դոկտ. Յասմիկ Խալափեանը եւ արեւմտահայերէնի հեռավար ուսուցչուհի՝ Զեփիւռ Խպլիկեանը, ընդգծեցին նոր սերունդը արդի միջոցներով դասաւանդելու կարեւորութիւնը: Ապա խօսեցան արեւմտահայերէնի պահպանման ուղղուած ՀՀՀ-ի մեծ ջանքերուն մասին: Հայերէն լեզուի գիտելիքները բարելաւելու եւ աշխարհասփիւռ հայերու միջեւ կապը ամրապնդելու նպատակով, Փետրուար եւ Մարտ ամիսներուն, ՀՀՀ-ը կազմակերպեց երեւութական ակումբ՝ նուիրուած Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրուան: Այս հանդիպումներուն մասնակցեցան ՀՀՀ-ի ներկայ ուսանողները եւ շրջանաւարտները: Հուսկ, Մարտ 2-ին, ՀՀՀ-ը առցանց կապ հաստատեց Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանի եւ Երեւանի Ֆ. Նանսէնի անուան թիւ 150 հիմնական դպրոցի միջեւ: Հանդիպումի քննարկման նիւթն էր՝ լեզուի ուսուցումը սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Մայրենիի Միջազգային Օրուան նուիրուած ձեռնարկներու շնորհիւ, ՀՀՀ-ը շարունակեց պահպանել իր կապը հայ հանրութեան հետ՝ փոխանցելով այն արժէքները, որոնց հաւատարիմ մնացած է հիմնադրման օրէն: Տեսաերիզի յղում Մայրենիի Միջազգային Օր