Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
24 Յուլիս 2015 –ին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը հանդիպում ունեցաւ Լոնտոնի ՀԲԸՄ-ի ամառնային փորձառութեան ծրագիրի մասնակիցներուն հետ: Դոկտ. Զօրեան կիսեց իր մասնագիտական փորձառութիւնը մասնակիցներուն հետ եւ ներկայացուց ՀՀՀ-ի առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի այլ ծրագիրները: Խորհուրդներ տուաւ երիտասարդներուն, մասնագիտական ընտրութիւններուն վերաբերեալ: Ծրագրի մասնակիցները եկած էին աշխարհի տարբեր երկրներէն՝ ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Արժանթինէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէն: Անոնք փափաքեցան ծանօթանալ ՀՀՀ-ի առաջարկած կրթական նոր հեռանկարներուն. հեռանկարներ, որոնք կրնան արդիւնաւէտ ուսումնական ծրագիրներու վերածուիլ՝ իրենց բնակած երկիրներուն մէջ:
Հանդիպումը ընթացաւ ազատ մթնոլորտի մէջ: Դոկտ. Զօրեանի ելոյթը ոգեւորող էր։ Երիտասարդները մեծ խանդավառութեամբ պատրաստակամութիւն յատնեցին նպաստելու ՀՀՀ-ի մասին տեղեկատուութեան տարածմանը, իրենց գաղութներուն մէջ: Հանդիպումի մասին, Արժանթինէն, Միքայելա Էքսերճեանը նշեց. ‹‹Շատ լաւ է, որ ՀՀՀ-ի մասին աւելի տեղեկութիւններ ստանալու առիթը ունեցայ: Մեծ սիրով կը մասնակցիմ ՀՀՀ-ի աշխատանքներուն: Արժանթին վերադառնալէս ետք, կը փափաքիմ արձանագրուիլ ՀՀՀ-ի դասընթացքին››:
Մասնակիցները շնորհակալ էին։ Անոնք յայտնեցին, որ այս մէկը եղած էր իրենց մասնակցած ամենալաւ հանդիպումներէն մէկը:
Անշուշտ, այս մէկը առիթ կը հանդիսանայ բարձրացնելու ՀՀՀ-ի վերաբերյալ իրազեկութեան մակարդակը՝ աշխարհի տարբեր գաղութներուն մէջ: