login
Յօդուածներ
Պելառուսի Պատուիրակութիւնը Ծանօթացաւ ՀՀՀ-ի Ճատրակի Առցանց Ծրագիրին 03/23/2016
23 Մարտ, 2016-ին, Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիան հրաւիրեց ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը, որպէսզի Պելառուսի պատուիրակութեան ներկայացնէ ճատրակի առցանց ծրագիրը։ Պատուիրակութիւնը Հայաստան այցելած էր ծանօթանալու ճատրակի դասաւանդման աւանդական եւ առցանց փորձառութեան։ ՀՀՀ-ի ճատրակի ուսուցիչ՝ Վահագն Քալանթարեանը եւ ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրը համակարգող՝ Մարինա Խաչատուրեանը ներկայացուցին ՀՀՀ-ի ճատրակի առցանց ծրագիրը։ Ցոյց տուին ծրագիրի առցանց միջոցները, բազմաբնոյթ առանձնայատկութիւնները, որոնք ուսուցումը կը դարձնեն աւելի պարզ եւ հաճելի։ Հիւրերէն խնդրեցին, որ լուծեն ճատրակի խնդիրներ, գլուխկոտրուկներ, որպէսզի կարենան պատկերացնել առցանց կրթութեան առաւելութիւնը՝ գործնական գետնի վրայ։ Ապա, պատուիրակները քննարկեցին ՀՀՀ-ի հետ համագործակցելու առիթը, ճատրակի առցանց ծրագիրը դպրոցներուն մէջ կիրառելու համար։