Հայկական Համացանցային Համալսարանի Եւ Գրանատայի Համալսարանի Համագործակցութիւնը
11/25/2013
2013 թուականը ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) համար նորութիւններու եւ ձեռքբերումներու տարի է: Այն համագործակցեցաւ քանի մը արտասահմանեան կրթական հաստատութիւններու հետ:
Սպանիայի նշանաւոր, 5 դար պատմութիւն եւ աւանդոյթ ունեցող Գրանատա Համալսարանին հետ ՀՀՀն սկսաւ համագործակցիլ: Վերջինս իր ուրոյն տեղը կը գտնէ Սպանիայի լաւագոյն տասը համալսարաններուն մէջ եւ առաջին տեղը կը գրաւէ իր թարգմանչական բաժինով: ՀՀՀն թարգմանչական բաժնի հետ համագործակցեցաւ:
Ըստ կնքուած համաձայնագիրին` Հայկական Համացանցային Համալսարանը Գրանատայի ուսանողներուն` որպէս երրորդ օտար լեզու, արեւելահայերէնի օնլայն դասընթացքներ կը տրամադրէ: Օնլայն ուսումը, ՀՀՀի սպանախօս օնլայն ուսուցիչը կ’ ուղղորդէ` 24 ժամ/7 օր: Մուլթիմետիայի վրայ հիմնուած եւ մշակուած ուսումնական նիւթ պարունակող դասընթացքները ուսումը կը դարձնեն աւելի հաճելի: Դասընթացքը աւարտելէն ետքը, ուսանողները Գրանատայի համալսարանին կողմէ կը ստանան վարկանիշներ, ինչն ալ դասընթացքին մասնակցելու եւս մէկ հիանալի շարժառիթ կը հանդիսանայ:
Այս ծրագիրը շահաւէտ է երկու համալսարաններուն համար . հայերէնը որպէս հնդեւրոպական հնագոյն լեզու, իր ներդրումը պիտի ունենայ Գրանատայի Համալսարանի լեզուաբանական, պատմական եւ մշակոյթային ուսումնական ծրագիրին մէջ` հարստացնելով ուսանողներուն գիտելիքները Մերձաւոր Արեւելքի եւ արեւելաեւրոպական մշակոյթներու վերաբերեալ: Գործածելով ՀՀՀի կրթական մուլթիմետիա ծրագիրը` Գրանատայի Համալսարանի ուսանողները նոր մեթոդներով հայերէն պիտի սորվին:
Հայկական Համացանցային Համալսարանի համար այս փորձը պիտի դառնայ եւրոպական կրթական հաստատութիւններու հետ համագործակցութեան յաջողութիւնով պստակուած ձեռքբերում մը: