login
Յօդուածներ
Ծանօթանալ հայկական մշակոյթի արժէքներուն՝ ՀՀՀ-ի ձեռնարկներուն միջոցով 02/27/2023

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) հայկական մշակոյթն ու ժառանգուած արժէքները պահպանելու միտումով յաճախ կը կազմակերպէ ընկերային ձեռնարկներ, առցանց այցելութիւններ, ինչպէս նաեւ կրթական ծրագիրը կը հարստացնէ տարբեր պատկերաշարժերով, վարժութիւններով եւ տարաբնոյթ ուսումնական նիւթերով: Բնականաբար ընկերային ձեռնարկները կը նպաստեն նաեւ ի մի բերելու ՀՀՀ-ի աշխարհատարած ուսանողները:  

 

Ամէն տարի ՀՀՀ-ին հետեւողներուն թիւն ու 7 լեզուներով մատուցուող հիպրիթ ծրագիրին միացած դպրոցներուն թիւը կ'աճի:

 

Փետրուար 20-ին,  ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ը կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկ, որուն մասնակցեցան Պէյրութէն, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի եւ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի սաները: Ձեռնարկը նուիրուած էր Գիրք նուիրելու օրուան, որ կը համընկնէր Ամենայն հայոց բանաստեղծ՝ Յուհաննէս Թումանեանի ծննդեան տարեդարձի հետ: Այս առթիւ  մասնակիցները ՀՀՀ-ի Արեւմտահայրէնի բաժինը համակարգող Զեփիւռ Խպլիկեանի ուղեկցութեամբ առցանց այցելեցին Յովհաննէս Թումնաեանի Երեւանի եւ ծննդավայր Դսեղի տուն թանգարանները ու ստացան բազմաթիւ տեղեկութիւններ:   

 

Հայկական մշակոյթը, աւանդութիւններն ու սովորութիւնները տարածելու միտումով, ՀՀՀ-ը կազմակերպեց նաեւ Սուրբ Սարգիսի եւ Տեառնընդառաջի նուիրուած առցանց ձեռնարկներ:

 

Իսկ Կլէնտէլէն՝  R.D. White դպրոցի, Ռուսիոյ Մայքոպ քաղաքէն՝ հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հիւսիսային կովկասի թեմի՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ կից կիրակնօրեայ դպրոցներու սաները յատուկ հանրակառքով առցանց մասնակցեցան ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցիչներուն կազմակերպած Երեւանի շրջագայութեան:  ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի առցանց այցելութիւնները առիթ կը հանդիսանան, որ ուսանողները տեղեկութիւն ստանան Հայաստանի թանգարաններուն եւ պատմական - մշակութային կեդրոններուն մասին:  

 

ՀՀՀ-ի առաքելութիւնն է պահպանել եւ տարածել հայկական մշակոյթը: Այս իսկ պատճառով, իր կազնակերպած առցանց ձեռնարկներով կը միտի ուսանողներուն մէջ բարձր պահել սէրը՝ հայկական մշակոյթի հանդէպ: