login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ն Տիթրոյթի ՀԲԸՄ-ի Ալեք Եւ Մարի Մանուկեան Դպրոցին Մէջ 11/20/2015
ՀԲԸՄ-ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան դպրոցը (Տիթրոյթ, ԱՄՆ), 2011-ի աշնանային ուսումնական շրջանէն ի վեր, ՀՀՀ-ի հիպրիդ ծրագիրի հաւատարիմ մասնակիցներէն է։ ՀԲԸՄ-ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան դպրոցին մէջ արեւմտահայերէնի դասընթացքները յաջողութեամբ կը կիրարկուին դպրոցի ծրագիրի կողքին։ Բացի այդ, ուսանողները կը մասնակցին հայկական մշակոյթի (ճարտարապետութիւն եւ երաժշտութիւն) առցանց դասընթացքներուն: Հիպրիդ դասարանի ուսուցիչ Արշալոյս Ղարիպեանը բարձր կը գնահատէ ՀՀՀ-ի դերը. «Այս դասընթացքները կ՚օգնեն մեր ուսանողներուն, որ հայոց լեզու, հայկական ճարտարապետութիւն ու երաժշտութիւն սորվին հետաքրքրական եւ լաւ ծրագրաւորուած դասերու միջոցով: Կիրառելը մատչելի է տարբեր տարիքի աշակերտներու համար»։ Հիպրիդ դասարանի ուսանողներէն Սերկէյ Յակիբչուկը, հայոց լեզու եւ մշակոյթ սորվելու մուլթիմետիա այս ձեւը շատ գրաւիչ կը գտնէ. «AVC-AGBU.org-ը կրթական հայկական հիանալի կայք է: Կը պարունակէ հետաքրքրական տեղեկութիւններ հայկական ճարտարապետութեան, երաժշտութեան եւ այլ նիւթերու մասին: Կը կարծեմ, որ կայքը շատ լաւ է հայոց լեզուն սորվիլ փափաքող սկսնակներուն համար։ Ես շատ սիրեցի։ Հիանալի աշխատա՛նք է»։ Շատ կարեւոր է պահպանել կապը հայրենիքի հետ. այս առումով ՀՀՀ-ի հիպրիդ ծրագիրի ընկերային-մշակութային ձեռնարկները կատարեալ են: Աշակերտները կը մասնակցին բազմաթիւ առցանց այցելութիւններու եւ խաղերու: Այսպէս, ուսումը աւելի հետաքրքրական կը դառնայ, իսկ տարբեր դպրոցներու հետ հանդիպումներու շնորհիւ ընկերային նոր միջավայր եւ կապեր կը ստեղծուին: Ուրիշ ուսանող մը, Միքայէլ Սարգիսովը կ՚ըսէ. «Ես յատկապէս շատ սիրեցի, որ կրնաս հայկական մշակոյթ, երաժշտութիւն, լեզու սորվիլ թէ՛ տան եւ թէ՛ դպրոցի մէջ: Պարզ է եւ գրաւիչ միեւնոյն ժամանակ»։