ՀՀՀ-Ն Ժընեւի Գիրքի Եւ Մամլոյ Միջազգային Ցուցահանդէս Վաճառքին
08/31/2011
Ապրիլ 29էն Մայիս 3 Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի եւ մամուլի միջազգային ցուցահանդէս-վաճառահանդէսը: Հայաստանը միջազգային սոյն ձեռնարկին որպէս պատուաւոր հիւր կը մասնակցէր:
Ցուցահանդէսին ամբողջ Եւրոպայէն բազմաթիւ հրատարակչական տուներ իրենց ծաւալած գործունէութիւնը ներկայացուցին: Միջազգային նշանակութիւն ունեցող այս իրադարձութիւնը աւելի քան 300 մասնակիցներու եւ 125 000 այցելուներու ուշադրութիւնը գրաւեց: Ան նաեւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի ուշադրութիւնը գրաւեց, որուն ընթացքին Համալսարանը ներկայացուց իր գործունէութեան ընդհանուր ծիրը, նպատակները:
Ձեռնարկի բացման հանդիսութեան ներկայ էին Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շառլ Ազնաւուրը, Ժընեւի քաղաքապետ Սանտրին Սոլերնոն եւ ՀՀ մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանը:
Ապրիլ 23ին ՀՀՀ-ի հիմնադիր եւ նախագահ պարոն Երուանդ Զորեան այցելուներուն ներկայացուց համալսարանի գործունէութիւնը: ՀՀՀի համացանցային կրթութեան դասախոս Ովսաննա Ճորոխեան համալսարանին առաջարկած դասընթացքները ցուցադրեց ներկաներուն եւ անոնց հետաքրքրող հարցերուն պատասխանեց:
ՀՀՀ-ի տաղաւար նշանաւոր շատ հիւրեր այցելեցին. ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեան, ՀԲԸՄ եւրոպական վարչութեան նախագահ Ալեքսի Գովչեան:
Այս տարուան ցուցահանդէսին որպէս պատուաւոր հիւր Հայաստանի մասնակցութիւնը իր մշակութային ժառանգութիւնը եւ արդի գրական կեանքը աշխարհին բազմակողմանիօրէն նեկայացնելու կարելիութիւն ընձեռեց: Ձեռնարկը նաեւ հայ տպագրութեան 500 ամեակի տօնակատարութեան նշանակալի իրողութեանը համընկաւ:
Պալէքսպոյի սրահին մէջ հայկական տաղաւարը այցելուներուն հայոց պատմութիւնը, հայկական մշակոյթը եւ արուեստը ներկայացուց: Հայկական տաղաւարը բոլորի ուշադրութեան կեդրոնը դարձաւ: Ան առաստաղէն կախուած 36 հայկական գեղեցիկ տառերով կը լուսաւորուէր:
Ժընեւի գիրքի եւ մամուլի միջազգային ցուցահանդէս-վաճառահանդէսը Զուիցերիոյ ամենամեծ մշակութային եւ կրթական կեդրոնն է, ուր 1987 թուականէն ի վեր ամէն տարի ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին: Վերոյիշեալ միծազգային ձեռնարկին մասնակից բազմաթիւ հրատարակչական տուները քաղաքի բազմալեզու եւ հարուստ մշակոյթը կ\'արտացոլէին: