Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

26, Նոյեմբեր, 2010թ. ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը հիւընկալեց Ղազախստանի հայկական համայնքը ներկայացնող Սերգէյ Գրիգորեանին:
Հայկական Համացանցային Համալսարանի աշխատողները ներկայանցուցին ՀԲԸՄ-ի նորագոյն ուսումնական հաստատութիւնը, որը հայկական կրթութիւն կը նուիրէ բոլորովին նոր մօտեցումներով:
Տեսնելով ՀՀՀ-ի հսկայական աշխատանքը, դերը եւ կարեւորութիւնը Պրն. Գրիգորեանը փափաքեցաւ համագործակցութիւն ստեղծել Ղազախստանի հայ համայնքներու եւ ՀՀՀ-ի միջեւ: Ան աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց ՀՀՀ-ի կրթական խառը մեթոտներուն վրայ:
Կրթական խառը մեթոտը հայկական կրթութիւնը հասանելի կը դարձնէ սփիւռքի հայկական բոլոր դպրոցներուն մէջ: Այն կը համակցէ դասարանային եւ օն-լայն կրթութիւնը, որու ժամանակ երկու ուսուցիչները ( դասարանի եւ օն-լայն) կը համագործակցին քննարկելու հարցումներ եւ հետաքրքրական զրոյցի նիւթեր գտնելու համար:
Ղազախստանի հիւրը նշեց, որ սա արդարեւ լաւ լուծում մը կ'ըլլայ Կեդրոնական Ասիայի կիրակնօրեայ դպրոցներուն համար: