login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի Նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանի Այցը Ռոստով 09/25/2013
Սեպտեմբեր 25-28-ը ՀԲԸՄ ՀՀՀ հիմնադիր նախագահ Տոկթ. Երուանդ Զօրեանը եւ ակադեմիկոս Սամուէլ Շուքուրեանը Ռոստովի մարզ այցելեցին: Հոն հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպեցան եւ Հայկական Համացանցային համալսարանը ներկայացուցին: Այդ հանդիպման ընթացքին քննարկումներ տեղի ունեցաւ սփիւռքի հայկական կրթօջախներու առջեւ ծառացած կրթական և հայապահպանութեան խնդիրները, որոնց լուծման նպաստող ձեւը ՀՀՀն իր կրթական մօտեցումով եւ ծրագիրով կ’ առաջարկէ։ Ռոստովի ՀՀՀ կեդրոնին մէջ հիւրերը հանդեցան հայերէն սորվող ուսանողներուն: Հանդիպման ժամանակ ուսանողները արտայայտեցին իրենց կարծիքները, եւ սպասելիքները: Առաջարկներուն մեծ մասը ծրագրային նիւթը կիրառելի նիւթերով հարստացնելուն էր ու առաջադրանքներն աւելի բազմազան դարձնելը: Այցի ընթացքին քննարկեցին նաեւ Ռոստովի Սուրբ Կարապետ և Սուրբ Խաչ եկեղեցիներուն կից կիրակնօրիա դասարններուն մէջ ՀՀՀի ծրագիրով առաջնորդվելու հարցը: Ռոստովի մարզի Հայկաբնակ Միասնիկեան շրջանին մէջ, Հայաստանի միջնադարեան մայրաքաղաք Անիի բնակիչներու շառաւիղները կ’ապրին, որոնք ութ դար առաջ Անիէն արտագաղթած են, սակայն մինչեւ այսօր իրենց բարբառը պահպանած են: Ժամանակ մը ետք, այստեղ հաստատուած են նաեւ Հայաստանէն եկող ընտանիքները: Հայսատանէն գաղթողներուն մեծ մասը այսօր ռուսախօս է: Շրջանի դպրոցներուն մէջ մօտաւորապէս 1000 աշակերտ հայերէն կը սորվին: ՀՀՀն իր առաջարկներով կրնայ լայն հնարաւորութիւններ ընձեռել շրջանի բնակչութեանը: Տոքդ. Զօրեանը հանդիպեցաւ Միասնիկեանի շրջանի ղեկավար Արշակ Պօրկշէեանի եւ կրթութեան բաժինի ղեկավար Ռիթա Բզեզեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկեցին համագործակցութեան բոլոր ուղիները: Այս այցը ամրապնդեց 2010թ հայկական այս մեծ համայնքին մէջ ՀՀՀի սկսած գործունէութիւնը, նաեւ նոր հեռանկարներ բացաւ համագործակցութեան առջեւ, որն ալ փաստեց ՀՀՀի հզօր ներուժը՝ իր հովանու ներքոյ համախմբելու աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ սփռուած հայութիւնը: