login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Ընդարձակումը 12/11/2015
ՀՀՀ-ն կը շարունակէ ընդլայնել համագործակցութեան սահմանները հայկական դպրոցներուն հետ։ Վերջերս դպրոցներու շարքը համալրուեցաւ, Երեւանի Անանիա Շիրակացիի անուան ճեմարանի մասնակցութեամբ: 11 Դեկտեմբեր 2015-ին, ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի անձնակազմը հիւրընկալուեցաւ Երեւանի Անանիա Շիրակացիի անուան ճեմարանէն ներս։ ՀՀՀ-ի Հիմնադիր Նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը հրաւիրուած էր ելոյթ ունենալու բարձր դասարաններու աշակերտներուն համար: Աւելի քան 100 աշակերտ եւ ուսուցիչ ներկայ գտնուեցան եւ տեղեկութիւն ստացան այն մասին, թէ ինչպէս ճարտարագիտութիւնը կրնայ փոխել սորվելու սովորոյթը։ Դասախօսութիւնը կը կրէր «Նորագոյն Ճարտարագիտութիւնը Եւ Կրթութիւնը» վերնագիրը: Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը ներկայացուց ճարտարագիտութեան ասպարէզի եւ հետեւաբար կրթութեան բնագաւառի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները։ Ան նշեց.«Առցանց ուսուցումը այսօր աւելի մատչելի է: Առցանց ուսուցման միջոցները ամբողջ աշխարհի մէջ կը դառնան աւելի ընդունելի։ Դուք այն սերունդի զաւակներն էք, որ կրնաք օգտուիլ կրթութեան բոլոր նորարարութիւններէն»։ Ներկաները տեղեկութիւն ստացան, նաեւ, ՀՀՀ-ի միջոցով հայագիտական առցանց կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւններուն մասին: ՀՀՀ-ի մուլթիմետիա ել. գիրքերու շարքի հարուստ բովանդակութիւնը եւ նորարական առանձնայատկութիւնները մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուցին: Թէ′ուսուցիչները եւ թէ′ աշակերտները շատ տպաւորուած էին։ Ուրախ էին, որ կրնան ել. գիրքերը օգտագործել դասարանէն ներս, որպէս լրացուցիչ նիւթ: Աւարտին, փոխտնօրէն Գագիկ Թոռչեանը իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց ՀՀՀ-ին եւ ճեմարանի անունով պատրաստակամութիւնը յայտնեց ՀՀՀ-ին միանալու , աջակցելով անոր առաքելութեան իրագործմանը. այն առաքելութեան, որ կը միտի ստեղծել կրթական առցանց համայնք, խթանելով աշխարհասփիւռ հայ ուսանողներու ե′ւ մշակութային կրթութիւնը ե′ւ ընկերային հաղորդակցութիւնը: