login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը Կը Յայտարարէ Անվճար, Նորաստեղծ Մուլթիմետիա Ելեկտրոնային Գիրքի Մասին 01/29/2014

Այսօր ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) առաջին մուլթիմետիա էլեկտրոնային գիրքը` «Հայկական լեռնաշխարհը » ներկայացուց: Այն հայկական մշակոյթը եւ պատմութիւնը ներկայացնող ՀՀՀի էլեկտրոնային գիրքերու նորարար շարքի առաջին գիրքն է: Հանրութեանը ամբողջովին անվճար հասանելի կ’ըլլայ մոպայլով եւ համակարգիչներով:

Այս գիրքերու միջոցով ՀՀՀն կ’ընդլայնէ իր լսարաններուն մէջ ընդգրկուած շուրջ 3000 միջազգային ուսանողները: «Հայկական լեռնաշխարհը» էլեկտրոնային գիրքը, հանրութիւնը, մասնաւորապէս կրթական համակարգի ներկայացուցիչները մեծ ոգեւորութեամբ կը սպասեն: Հոն ներկայացուած են հայկական լեռնաշախարհի բազմադարեան մշակոյթը, շրջակայ միջավայրը եւ վարչական տարածաշրջանային բաժանումները:

Նիւթը հարստացուած է պատկերներով եւ տեսանիւթերով: Ընթերցողները կարելիութիւն ունին ստուգելու եւ գնահատելու իրենց առաջընթացքը հարցումներու միջոցով, առանձնացնել ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն իրադարձութիւնները եւ ծանօթանալ յատուկ այս աղբիւրի համար մշակուած բառապաշարին:

« Հարուստ մշակոյթն ու պատմութիւնը, մուլթիմետիա էլեկտրոնային գիրքերու շարքով միտքը առաջացաւ Հայաստանի մասին տեղեկատուութիւն ստեղծելու եւ այն տեսանելի դարձնելու նպատակով։ Մենք գիրքերը բոլորին համար ամեն տեղ եւ ամեն ժամ հասանելի կը դարձնենք այն անվճար բջջային հեռաձայններուն եւ համակարգիչներուն համար ստեղծելով: Այս գիրքերը հայկական ինքնութեան բացայայտման եւ հայկական փորձի վերաբնորոշմանը նոր էջ կը բանայ », - նշեց ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր եւ նախագահ Տոկթ. Երուանդ Զօրեանը:

«Հայկական լեռնաշխարհը» էլեկտրոնային գիրքը պատրաստելու համար գործածուած են ՀՀՀի ուսումնական գրականութիւնը, ակադեմիական ամսագիրերը, պատմական փաստաթուղթերը, ինչպէս նաեւ համալսարանները կիրառուող կրթական նիւթերը: Յաջորդող երկու գիրքերը նոյնպէս հիմնուած պիտի ըլլան վերոյիշեալ աղբիւրներով եւ կը ներկայացնեն Հայաստանի տնտեսութեանը, փոփ-մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեանը վերաբերող նիւթեր:

Գործածելով նորագոյն թեխնոլոգիաները եւ նկատի ունենալով գործածողներուն արձագանքը՝ աղբիւրը կը ծառայէ հայկական կրթութիւնը միշտ եւ ամեն տեղ հասանելի դարձնելու , որն ալ ՀՀՀի առաքելութիւնն է:

«Մենք միաւորել ենք նորագոյն տեխնոլոգիաները եւ հայկական լեռնաշխարհի վերաբերեալ լաւագոյն մուլթիմետիա աղբիւրները` ստեղծելով շատ հետաքրքրական գիրք, որն ալ կը գրաւէ իւրաքաչիւր ընթերցող՚, - ըսաւ մոպայլ առեւտուրի ոլորտի ձեռներեց եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Պէն Թոքերը:

ՀՀՀի մուլթիմետիա էլեկտրոնային գիրքերու շարքին բաժանորդագրութիւնը անվճար է եւ հասանելի է քանի մը տեղ: 2014թ. Մարտին iBook տարբերակը հասանելի պիտի ըլլայ iPad-երու եւ Mac համակարգիչներու, իսկ պրաուզր տարբերակը՝ մոպայլ այլ գործիքներու եւ համակարգիչներու համար: