Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
The 6th Armenia-Diaspora Pan-ArmeniՀայաստան-Սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովը տեղի ունեցաւ 2017-ին, Սեպտեմբեր 18-20, Երեւանի մէջ։ «Փոխադարձ Վստահութիւն, Միասնականութիւն Եւ Պատասխանատուութիւն» կարգախօսի ներքոյ հաւաքուեցան 70 երկիրներէ համախմբուած 1500 մասնակիցներ՝ հոգեւոր առաջնորդներ, յայտնի դէմքեր, հայկական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ։
Հայապահպանման հիմնախնդիրներուն նուիրուած նիստին ելոյթ ունեցաւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Ե. Զօրեանը։ Հիմնուելով ՀՀՀ-ի փորձառութեան վրայ, խօսեցաւ համացանցի եւ հայապահպանման կապի մասին։
Տասնամեակներ շարունակ, սփիւռքի մէջ, հայկական ինքնութեան պահպանման նախապայմանը հայկական զօրաւոր գաղութ ունենալն էր։ Սակայն համաշխարհային վերջին իրադարձութիւնները յառաջացուցին փոքր գաղութներ, սփիւռքեան տարբեր կառոյցներու թուլացում, որոնք կրնան վտանգել մեր ազգային ինքնութիւնը։ Հայկական դպրոցներէ զուրկ վայրերու մէջ ապրող 95-99% երեխաներուն եւ երիտասարդներուն հասնիլը արդէն հրատապ հարցերէն մէկն է։ Դոկտ. Զօրեանը նշեց. «Համացանցը եւ արդի ճարտարագիտութիւնը գաղութները պահպանելու լաւագոյն միջոցներն են»։
Դոկտ. Զօրեան համոզուած է, որ մենք պէտք է փոխանցենք գիտելիքներ մեր լեզուի, պատմութեան, կրօնի, մշակոյթի, հայրենիքի, հերոսներու եւ մեր ազգային ինքնութեան հիմքը կազմող արժանիքներու մասին։ Բայց, գիտելիքներ փոխանցելէ բացի կարեւոր է նաեւ աշխարհատարած հայերու միջեւ հաղորդակցութիւն ստեղծելը։
Ան նշեց.«Հայկական Համացանցային Համալսարանը ոչ թէ միայն կրթական ծրագիր է, այլ ռազմավարութիւն՝ մեր ազգային ինքնութիւնը պահպանելու։ Իր ներուժը նորարարական մօտեցումն է, յարմարաւէտութիւնը եւ հասանելի ըլլալը»։ Ան խօսեցաւ նաեւ ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներու, հիպրիթ ծրագիրի, ել. գիրքերու, կրթական յաւելուածներու եւ առցանց ուսուցման այլ հնարաւորութիւններու մասին։
Համաժողովի սրահը տեղակայուած ՀՀՀ-ի տաղաւարին մէջ Համալսարանի անձնակազմը հիւրերուն եւ մասնակիցներուն ներկայացուց առցանց կրթութեան ծրագիրը եւ հնարաւորութիւնները։ Շատեր փափաքեցան արձանագրուիլ, համալսարանի նորութիւններուն տեղեակ ըլլալու կամ համաժողովէն ետք հաղորդակցութիւնը շարունակելու համար։