Մագիստրոսի գիտական աստիճան
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) «Լեզուաբանութիւն եւ մշակութային հաղորդակցութիւն» մագիստրոսական ծրագիր ունի եւ կը շնորհէ մագիստրոսի գիտական աստիճան՝ հետեւեալ մասնագիտացումներով.
- Հայոց լեզու եւ պատմութիւն
- Հայոց լեզու եւ արուեստի պատմութիւն
- Հայոց լեզու եւ մշակոյթ
Ծրագիրը ուսանողին հնարաւորութիւն կու տայ հետազօտելու հայոց լեզուաբանութիւնը, պատմական եւ մշակութային տեսութիւնները: Միջառարկայական կապերը կիրառելով՝ ուսանողը կը զարգացնէ իր գիտելիքները եւ հայագիտութեան բնագաւառի մէջ հետազօտութիւններ կատարելու հմտութիւնները:
Ընդունելութեան կարգ
ՀՀՀ-ի մագիստրոսական ծրագիրին կրնան դիմել պսակաւոր արուեստիցի աստիճան ունեցող ուսանողները: Մագիստրոսական ծրագիրին դիմելու համար անհրաժեշտ է ներկայացնել հետեւեալ փաստաթուղթերը.
- Համալսարանական վկայականի պատճէնը
- Համալսարանական վկայականի նիշերու պատճէնը
- Երկու երաշխաւորագիր (երաշխաւորագիրներէն առնուազն մէկը պէտք է տրամադրուի դիմորդի կրթական ունակութիւններուն ծանօթ անձի մը կողմէ)
- Դմում մը՝ 500 բառի սահմաններու մէջ, ուր դիմորդը պէտք է նկարագրէ հայագիտութեան բնագաւառի իր հետաքրքրութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնագիտական ակնկալիքները:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ ընդունելութեան կարգի հետ կապուած մանրամասնութիւններու համար կրնաք կապ հաստատել ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Կրթական հարցերու գլխաւոր պատասխանատու Մարինէ Խաչատուրեանի հետ՝ marina.khachaturyan@avc-agbu.org
Ուսումնական մաս եւ հետազօտական աշխատանք
Ծրագիրը երկու մասէ բաղկացած է՝ ուսումնական մաս եւ հետազօտական աշխատանք: Մագիստրոսի գիտական աստիճան ստանալու համար ուսանողը պէտք է հաւաքէ 120 վարկանիշ (credit)` ըստ համաեւրոպական ECTS համակարգի:
Ուսումնական մաս. Ա խումբի եւ Բ խումբի դասընթացքներ (72 վարկանիշ)
Ուսանողը առնուազն 48 վարկանիշ պէտք է ունենայ Ա խումբի դասընթացքներէն՝ հիմնական մասնագիտացում (major): Եթէ ուսանողը որպէս երկրորդական մասնագիտացում (minor) ընտրած է պատմութիւն եւ մշակոյթ, ապա վարկանիշներու ընդհանուր թիւը պէտք է ըլլայ 24, այսինքն առնուազն 18 վարկանիշ երկրորդական մասնագիտացման նիւթէն + կամընտրական դասընթացքներ: Եթէ ուսանողը որպէս երկրորդական մասնագիտացում ընտրէ արուեստի պատմութիւն, ապա վարկանիշներու ընդհանուր թիւը պէտք է ըլլայ 30: Դասընթացքներու ընտրութիւնը պայմանաւորուած է ուսանողի մասնագիտացումէն: Կրթական խորհրդատուն կրնայ օգնել ուսանողը՝ ճիշդ ընտրութիւն կատարելու համար:
Հետազօտական աշխատանք. Հետազօտական գործունէութեան ուսանողը կը հաւաքէ 36, իսկ մագիստրոսական աւարտաճառի համար՝ 12 վարկանիշ:
Ուսանողը այս աշխատանքը կատարելու համար պէտք է տրամադրէ առնուազն 160 ժամ (ներառեալ հանդիպումները դասախօսներու եւ ղեկավարներու հետ՝ առցանց կամ անձամբ):
Վարկանիշներ/Ուսումնական Ծրագիր Ըստ Մասնագիտացման
Հայոց լեզու եւ պատմութիւն
Հայոց լեզուի դասընթացքներ (արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն) – 48 վարկանիշ (Ա խումբ):
Հայոց պատմութիւն (որպէս երկրորդական մասնագիտական որակաւորում` 18 վարկանիշ) եւ կամընտական նիւթեր (6 վարկանիշ) – 24 վարկանիշ (Բ խումբ):
Հետազօտութիւն եւ գիտահետազօտական աշխատանք – 48 վարկանիշ:
Հայոց Լեզու եւ արուեստի պատմութիւն
Հայոց լեզուի դասընթացքներ ( արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն) – 42 վարկանիշ (Ա խումբ):
Հակական մշակոյթ (12 վարկանիշ) եւ հայոց պատմութիւն (12 վարկանիշ) եւ կամընտրական նիւթեր (6 վարկանիշ): Պատմութեան դասընթացքները պէտք է առնչութիւն ունենան այն պատմական ժամանակաշրջանին հետ, որ ուսանողը ընտրած է իբրեւ հիմնական մասնագիտացում: – 30 վարկանիշ (Բ խումբ)։
Հետազօտութիւն եւ գիտահետազօտական աշխատանք – 48 վարկանիշ:
Հայոց Լեզու Եւ Մշակոյթ
Հայոց լեզուի դասընթացքներ ( արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն) – 42 վարկանիշ (Ա խումբ)։
Հակական մշակոյթ (12 վարկանիշ) եւ հայոց պատմութիւն (12 վարկանիշ) եւ կամընտրական նիւթեր (6 վարկանիշ): Պատմութեան դասընթացքները պէտք է առնչութիւն ունենան այն պատմական ժամանակաշրջանին հետ, որ ուսանողը ընտրած է իբրեւ հիմնական մասնագիտացում: – 30 վարկանիշ (Բ խումբ)։
Հետազօտութիւն եւ գիտահետազօտական աշխատանք – 48 վարկանիշ (Հ խումբ)
Մագիստրոսի կոչում ստանալու համար ուսանողը պէտք է առնուազն միջին <լաւ> (B) գնահատականը ունենայ գրաւոր աշխատանքի եւ հետազօտութեան համար:
Մագիստրոսական ծրագիրի խորհրդատուութիւն
Կրթական հարցերու գլխաւոր պատասխանատուն մագիստրոսական ծրագիրի խորհրդատուն է: Ան պատրաստ է ծրագիրին վերաբերեալ ցանկացած հարցումի պատասխանելու, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ խորհրդատուութիւնը տրամադրելու: Ուսանողներուն ` ըստ իրենց հետաքրքրութեան, կը նշանակուի նաեւ խորհրդատու մը, որ կը հետեւի ուսանողի ուսումնառութեանը եւ օգտակար կը դառնայ աւարտաճառի ընտրութեան մէջ:
Մագիստրոսական աւարտաճառ
Մագիստրոսական աւարտաճառը պէտք է ըլլայ ուսանողին մասնագիտական ոլորտէն ու գրուի համալսարանի երկու անդամներու ղեկավարութեամբ: Նիւթը պէտք է համապատասխանի գիտական աշխատանքներու չափանիշներուն եւ ներկայացուի առնուազն 40 էջի սահմաններու մէջ: