Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
22-24 Օգոստոս, 2020-ին, Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) եւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան (ԿԳՄՍ) համագործակցութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով առցանց կազմակերպուեցաւ երկու տարին մէկ անգամ տեղի ունեցող Համահայկական կրթական խորհրդաժողովը։
«Հայաստան-սփիւռք համագործակցութիւնը COVID-19-ի պայմաններուն. մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» խորագիրը կրող եռօրեայ խորհրդաժողովը ընդգրկեց 36 երկիրներէ հայկական կրթական բնագաւառի 1300 ներկայացուցիչ, մանկավարժ, վարչական անձնակազմի անդամ, կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուներ եւ կրթութեան աջակիցներ:
Կրթութեան ոլորտի 33 փորձագէտներ ներկայացուցին իրենց աշխատանքային փորձը, ծրագիրները եւառաջարկները, իսկ հիւր-բանախօսները «Հեռանկարային զրոյցներ»ու ընթացքին խօսեցան իրենց տեսլականի, գործունէութեան, առկայ խնդիրներու եւ հնարաւոր լուծումներու մասին: Ուղիղ հեռարձակումի շնորհիւ, բազմաթիւ ուսուցիչներ, տնօրէններ եւ վարչական պատասխանատուներ կրցան հետեւիլ եւ մասնակցիլ քննարկումներուն: ՀՀՀ-ի Համահայկական կրթական խորհրդաժողովի առցանց էջը բաց է եւ կը շարունակէ ծառայել որպէս հարթակ համագործակցութեան, քննարկումներու եւ փորձի փոխանակման: Այս հարթակին մէջ ներգրաւուած են աւելի քան 1400 հայ մանկավարժներ:
2020-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան համագործակցութեամբ սկիզբ առաւ առցանց դասախօսութիւններու շարք մը, ՀՀՀ-ի Համահայկական կրթական առցանց աշխատաժողովներու հարթակի ծիրէն ներս: