login
Հայկական ճարտարապետութեան ներածութիւն– մաս 1
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝
infoՈւսանողի մասնակցութեան տեսակները

Հայկական ճարտարապետութեան դասընթացքի առաջին մասը պատմական կամ նախախորհրդային շրջանի հայոց ճարտարապետութեան համառօտ նկարագրութիւնն է:
Դասընթացքը մատչելի է: Շեշտը դրուած է հայոց ճարտարապետութեան, ճարտարապետական մասերու եւ զարդարուեստի կամ յարդարանքի հիմնախնդիրներուն վրայ: Դասընթացքը հիմնուած եւ զարգացած է Թ. Թորամանեանի տեսակէտերուն, աշխատութիւններուն, ինչպէս նաեւ ԳԱԱ ակադեմիկոս Վ. Ա. Յարութիւնեանին կողմէ պատրաստուած Հայկական ճարտարապետութեան առաջին դասագիրքին հիման վրայ: Դասընթացքը բաղկացած է 8 դասերէ եւ կ'ընդգրկէ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ Զաքարեաններու ժամանակաշրջանը (12-14-րդ դար):

Ուսումնական շրջանի օրացոյց 2025

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Ձմեռ 2025Դեկտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 22 (Կիրակի) 2024Յունուար 6 (Երկուշաբթի) - Մարտ 11 (Երեքշաբթի)
Գարուն 2025Մարտ 7 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի)Ապրիլ 7 (Երկուշաբթի) – Յունիս 10 (Երեքշաբթի)
Ամառ 2025Յունիս 6 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի)Յուլիս 7 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)
Աշուն 2025Սեպտեմբեր 5 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր  21 (Կիրակի)Հոկտեմբեր 6 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Ներածութիւն հայկական ճարտարապետութեան.
  • Նախնական համայնատիրական ժառանգութիւնը հայկական լեռնաշխարհի մէջ.
  • Ուրարտական կամ Վանի թագաւորութեան ժամանակաշրջանի ճարտարապետութիւնը.
  • Հին Հայաստանի ճարտարապետութիւնը.
  • Հայկական ճարտարապետութեան տաճարային ձեւորը եւ անոնց կազմաւորումը.
  • Վաղ միջնադարեան Հայաստանի ճարտարապետութիւնը.
  • Զարգացած միջնադարեան  Հայաստանի ճարտարապետութիւնը
  • Զաքարեաննրուն շրջանի ճարտարապետութիւնը 12-14-րդ դար:

Ուսուցման արդիւնքները

Դասընթացքն աւարտելէ ետք ուսանողը ծանօթացած կ’ըլլայ հայկական ճարտարապետութեան պատմական ժամանակաշրջանին եւ պատմական կոթեղներուն հետ: Ուսումնասիրելով տարբեր դարաշրջանները` ուսանողը կը տեսնէ իւրաքանչիւր պատմական շրջանին տեղի ունեցած ճարտարապետական զարգացումները:

Դասընթացքի դասացուցակը

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ
Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն  իրենց ուսանելու ոճը` լրացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին: Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցման եւ ուսման միջոցներու հետ  եւ կիրարկեն զանոնք:

Շաբաթ 1-8

Դաս ( գործածէ ելեկտրոնային նիւթերը եւ տարբեր տեսակի  գիտելիքներու նիւթերը)
Անհատական եւ խմբային աշխատանքներ, հարցումներ:

Շաբաթ 3

Անհատական աշխատանքի յանձնում

Շաբաթ 7

Խմբային աշխատանքի յանձնում

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Դասընթացքի պահանջքները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան հետ:  Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% - մասնակցութիւն
25% - անհատական աշխատանք
25% - խմբային աշխատանք
30% - աւարտական քննութիւն

Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

Օնլայն ուսուցիչներ

teacher
Զեփիւռ Խպլիկեան

Դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան ուրուագիծերը ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու գործընթացքի մէջ: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Օն-լայն նիւթերը կազմուած են հասարակայնօրէն հասանելի մասնագիտական գրականութեան, գիտական գրականութեան, ուսումնական ծրագիրներու, հայ եւ օտար հեղինակներուն ուսումնասիրութիւններու, բազմալեզու աշխատութիւններու եւ հրապարակումներու հիման վրայ:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են համալսարանական եւ մինչհամալսարանական ուսանողներու, միջնակարգ դպրոցներու, պատմութեան ուսուցիչներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի չափահաս մարդկանց համար:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

  • Ա. Սահինեան, Գառնիի անդիկ կառոյցները, Երեւան, 1988(հայերէն եւ ռուսերէն):
  • Ա. Սահինեան, Քսաղի բազիլիկայի կառոյցները, Երեւան, 1955:
  • Թ. Թորամանեան, Զուարթնոց, Գագկաշէն, Երեւան, 1984:
  • Թ. Թորամանեան, Նիւթեր հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան, հատոր 1 եւ 2,Երեւան, 1942 եւ 1948:
  • Հ. Խալփախչեան, Հայկական ճարտարապետութիւն, ճարտարապետութեան համընդհանուր պատմութիւն 12 հատորով, հատոր 3, 1966, էջ 197-299(ռուսերէն):
  • Հ. Խալփախչեան, Միջնադարեան Հայաստանի աշխարհիկ ճարտարապետութիւնը, Երեւան, 1971 (ռուսերէն):
  • Հայկական ճարտարապետութեան պատմութիւն 6 հատորով, հատոր 1, 2 եւ 3, Երեւան, 1996, 2004 եւ 2002:
  • Ն. Տոկարսկի, Հայկական ճարտարապետութիւն (4-14-րդ դար), Երեւան, 1961(ռուսերէն):
  • Պ. Կունեո, Հայկական ճարտարապետութիւն, հատոր 1 եւ 2, Հռոմ, 1988(իտալերէն)
  • Ս. Խ. Մնացականեան, Հայաստանի եւ Բիւզանդիայի խաչագմբեթ յօրինուածքնները 5-7-րդ դար, Երեւան, 1989(ռուսերէն):
  • Ս. Խ. Մնացականեան, Հայկական գաւիթներու ճարտարապետութիւնը, Երեւան, 1952 (ռուսերէն):
  • Ս. Ս. Մնացականեան, Հայկական վաղ միջնադարեան մեմորեալ յուշարձանները, Երեւան, 1982:
  • Վ. Ա. Յարութիւնեան, Հայկական ճարտարապետութեան պատմութիւն, Երեւան, 1992:
  • Վ. Ա. Յարութիւնեան, Հայկական յուշարձաններ, Պէյրութ, 1975(հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն):