Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ | ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ | ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ |
---|---|---|
Ձմեռ 2025 | Դեկտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 22 (Կիրակի) 2024 | Յունուար 6 (Երկուշաբթի) - Մարտ 11 (Երեքշաբթի) |
Գարուն 2025 | Մարտ 7 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի) | Ապրիլ 7 (Երկուշաբթի) – Յունիս 10 (Երեքշաբթի) |
Ամառ 2025 | Յունիս 6 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի) | Յուլիս 7 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 9 (Երեքշաբթի) |
Աշուն 2025 | Սեպտեմբեր 5 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր 21 (Կիրակի) | Հոկտեմբեր 6 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 9 (Երեքշաբթի) |
Դասընթացքն աւարտելէ ետք ուսանողները ծանօթացած կ’ըլլան Հալոց Պատմութեան նշանակալից իրադարձութիւններու թուագրութեան, գիտելիքներ կ’ունենան համաշխարհային պատմութեան մէջ Հայոց պատմութեան դերի մասին, պատմական գործընթացքները ուսումնասիրելու, վերլուծելու, մեկնաբանելու եւ խնդիրները լուծելու փորձ:
Ծանօթացման շաբաթ Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն իրենց ուսանելու ոճը` լրացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին: Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցման եւ ուսման միջոցներու հետ եւ կիրարկեն զանոնք:
Դաս 1-8 ( գործածէ ելեկտրոնային նիւթերը եւ տարբեր տեսակի գիտելիքներու նիւթերը)
Անհատական եւ խմբային աշխատանքներ, հարցումներ:
Անհատական աշխատանքի յանձնում
Խմբային աշխատանքի յանձնում
Աւարտական քննութիւն
Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան հետ: Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% - մասնակցութիւն
25% - անհատական աշխատանք
25% - խմբային աշխատանք
30% - աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան ուրուագիծերը ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու գործընթացքի մէջ: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ:
Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Օն-լայն նիւթերը կազմուած են հասարակայնօրէն հասանելի մասնագիտական գրականութեան, գիտական գրականութեան, ուսումնական ծրագիրներու, հայ եւ օտար հեղինակներուն ուսումնասիրութիւններու, բազմալեզու աշխատութիւններու եւ հրապարակումներու հիման վրայ:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են համալսարանական եւ մինչհամալսարանական ուսանողներու, միջնակարգ դպրոցներու, պատմութեան ուսուցիչներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի չափահաս մարդկանց համար:
• Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւն, ՀԳԱ հրատ., հատոր 1-8, Երեւան, 1967-1984
• Է. Դանիէլեան, Ա. Մելքոնեան, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան, 2008
• Ա. Մելքոնեան, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան, 1998