Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, KARDÉS կազմակերպութիւնը, ՀԲԸՄ Հայաստանը եւ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը(ՀՀՀ) կը համագործակցին, որպէսզի արհեստագիտութիւններու վրայ հիմնուած աշխարհագրական տեղեկատուական համակարգը (Geographic Information Systems (GIS)) Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ներկայացուի որպէս ուսումնական առցանց նոր մեթոտ։
Հայաստանի դպրոցներու ուսուցիչներուն համար կազմակերպուած առաջին սեմինար-դասընթացքը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ Նոյեմբեր 14-ին` աշխարհագրական տեղեկատուական համակարգի (ԱՏՀ) միջազգային օրը:
Աւելի քան 100 մասնակիցներ՝ Երեւանէն, Լոռիի, Կոտայքի, Արմաւիրի եւ Արարատի մարզերէն մասնակցեցան սեմինարին` ծանօթանալով Աշխարհագրական տեղեկատուական համակարգին, տեղանքի վերլուծութեան եւ աշխարհագրական տեղեկատուական համակարգը որպէս ուսումնական միջոց կիրառելու կարեւորութեան: Սեմինարը վարեց KARDÉS կազմակերպութիւնը, որ մասնագիտացած է խորհրդատուութեան, վերապատրաստման, կարողութիւններու զարգացման բնագաւառներու եւ ԱՏՀ-ն դպրոցական ուսումնական ծրագրէն ներս ներառելու մէջ։
ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Արայիկ Յարութիւնեանը ըսաւ. «Կրթութեան արդիականացումը կառավարութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն է։ Մեր նպատակն է նորարարական մօտեցումները եւ միջոցները ներմուծել կրթական համակարգէն ներս»։ Ողջունելով KARDÉS-ի, ՀՀՀ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի համագործակցութիւնը, ան ընդգծեց ժամանակակից միջոցները օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը։
Ճարտարագիտութեան զարգացումը զգալի փոփոխութեան ենթարկած է կրթութեան ոճերը։ Այսօր, կրթութեան հիմնական նպատակն է օգնել աշակերտին, որ զարգացնէ հետազօտելու եւ վերլուծելու հմտութիւնները,ինչպէս նաեւ կարողութիւնը՝ խնդիրներ լուծելու։
KARDÉS-ի հիմնադիր եւ տնօրէն Բագրատ Պալապանեանը նշեց. «Ճիոթեքնոլոճիները, ինչպէս նաեւ պիոթեքնոլոճիաները եւ նանոթեքնոլոճիաները կը համարուին 21-րդ դարու երեք կարեւոր ուղղութիւնները։ Աշխարհատեղեկատուական համակարգը հարցադրումներու եւ որոշակի չափանիշներու վրայ հիմնուած, խնդիրներու լուծման ուղղուած առաջադրանքներու ամբողջութիւն մըն է, որ կը ներառէ դաշտային աշխատանք եւ կը տրամադրէ մասնագիտական հմտութիւն՝ համապատասխան ոլորտի մէջ»։
ԱՏՀ-ի կիրառումը կը նպաստէ Հայաստանի մէջ STEM (գիտութիւն, արհեստագիտութիւն, ճարտարագիտութիւն եւ մաթեմաթիկա) կրթութեան զարգացման: Այս համակարգը աշակերտներուն կը սորվեցնէ օգտագործել, ստեղծել եւ տարածել քարտէզներ, հաւաքել եւ ներմուծել տուեալներ, կատարել բազմապիսի վերլուծութիւններ եւ աշխատիլ մեծածաւալ տուեալներու հետ: Այսպէս, աշակերտները կը զարգացնեն իրենց վերլուծողական մտածողութիւնը:
Սոյն ձեռնարկին skype-ով միացաւ ՀԲԸՄիութեան ՀՀՀ-ի հիմնադիր եւ նախագահ, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Երուանդ Զօրեանը։ Ան ըսաւ. «ԱՏՀ-ն կրթական, նորարարական միջոց է, զոր ՀՀՀ- ը կիրառած է վերջին տարիներու ընթացքին: KARDÉS-ի հետ միասին մենք պատրաստ ենք ներդնելու մեր փորձը եւ գիտելիքները՝ առցանց կրթութեան նորագոյն ճարտարագիտութիւնը հայկական դպրոցներու մէջ ներառելու համար»։
KARDÉS-ը, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ու ՀՀՀ-ի հետ համագործակցելու միջոցով, հայ աշակերտներուն կը ներկայացնէ աշխարհատեղեկատուական համակարգը եւ տեղանքի վերլուծութեան գործիքակազմը՝ տրամադրելով անվճար արտօնագիրներ, ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներ եւ ուսումնական ծրագիրներ:
Ձեռնարկի ընթացքին, Երուանդ Զօրեանը եւ Բագրատ Պալապանեանը առցանց ստորագրեցին փոխըմբռնման համաձայնագիր՝ վաւերացնելով KARDÉS-ի եւ ՀՀՀ-ի համագործակցութիւնը: