login
Մամլոյ հաղորդագրութիւն
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը Կ'ամփոփէ Իր Եռամեայ Գործունէութիւնը, Կազմակերպելով Առցանց Աւարտական Հանդիսութիւն Եւ Համընդհանուր Օնլայն Ֆորում 10/12/2012

ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) վերջերս տօնեց իր գործունէութեան երրորդ տարեդարձը, կազմակերպելով համընդհանուր օնլայն ֆորում եւ իր առաջին աւարտական առցանց հանդիսութիւնը: ՀՀՀ-ն հայկական առաջին օնլայն բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է: Այդ օրը համալսարանը ամփոփեց երեք տարիներու ընթացքին իր ունեցած ձեռքբերումները եւ ներկայացուց իր յետագայ ծրագիրները: Անձամբ եւ առցանց ներկայ գտնուող ուսանողները եւ շրջանաւարտները իրենց փորձին մասին խօսեցան: Իր գործունէութեան երեք տարիներուն ընթացքին ՀՀՀ-ն աշխարհի 63 երկիրներէն 2000 ուսանողներ ունեցած է՝ Վրաստանէն մինչեւ Չինաստան, Շուետէն մինչեւ Հարաւային Ափրիկէ եւ Արժանթինէն մինչեւ Գանատա:

 

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Խորհուրդի անդամ եւ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Տոքթոր Երուանդ Զօրեանը համընդհանուր օն-լայն ֆորումը նախագահեց: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք տրուեցաւ ՀՀ Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարար Արմեն Աշոտեանին: Միջոցառմանը ներկայ էին ՀԲԸՄ 87-րդ ընդհանուր համաժողովի 100 պատուիրակները, աշխարհի տարբեր երկիրներէն եկած ՀՀՀ ուսանողները, ինչպէս նաեւ օնլայն կրթութեան մասնագէտներ եւ տեղական ու միջազգային կազմակերպություններէն եկած բարձրաստիճան այլ հիւրեր:

 

«Հայկական Համացանցային Համալսարանին հետ համագործակցող դպրոցներուն եւ ուսանողներուն թիւը կը շարունակէ աճիլ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ձեռք բերած իր մեծ համբաւին շնորհիւ»,- ըսաւ Տոքթոր Երուանդ Զօրեան եւ յաւելեց. «ՀՀՀ-ն այսօր ուրախութեամբ կը յատարարէ իր երեք նոր ծրագիրներուն մասին՝ ՀՀՀ-ի դասընթացք պզտիկներուն համար, ՀՀՀ ուսուցում բջջային հեռաձայնի եւ նոր սարքերու միջոցով եւ ՀՀՀ-ի պատմութեամբ եւ մշակույթով հետաքրքրուող ուսանողներուն համար մուլթիմետիա դասընթացքներ»:

 

Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Արմեն Աշոտեանը իր խօսքին մէջ նշեց. «Հայաստանի կրթութեան մարզէն ներս ճարտարագիտական նորագոյն եղանակները եւ նուաճումները տակաւին ամբողջովին չեն որդեգրուած: Հայկական ուսումնական հաստատութիւնները ամբողջապէս չեն կրցած գործածել այս հնարաւորութիւնը: Այս առումով, Հայկական Համացանցային համալսարանը Հայաստանի ամենալաւ կրթական հաստատութիւնն է: Ես կը փափաքիմ նշել որ այստեղ կիրառուած է ճարտարագիտական ամենալաւ լուծումները եւ միտքը»:

 

Նախարարը շարունակելով ըսաւ. «Իրապէս, այս պարագային կայ նաեւ հայապահպանման խնդիրը: Համալսարանին ստեղծած օնլայն շտեմարանին կարեւորութիւնը դժուար է գերագնահատել: Այս գործիքը մասնաւորապէս անհրաժեշտ է մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք կը գտնուին օտար երկիրներու մէջ: Ես շնորհակալ եմ որ Կրթութեան Եւ Գիտութեան նախարարութիւնը այսպիսի գործընկեր մը ունի , ով կ\'օգնէ սփիւռքի կրթական պահանջները բաւարարելուն: Այս նախագիծը յաջողուած ու յեղափոխական է եւ մենք պատրաստ ենք այն աւելի յաջողուած դարձնելու համար Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հետ անցնիլ համալսարանի արտօնագիր ստանալու գործընթացքը: Գործընթացքի շնորհիւ ՀՀՀ-ն կը դառնայ առաջին համացանցային ուսումնական հաստատութիւնը, որ մենք կը ճանաչնանք որպէս բարձրագոյն կրթական հաստատութիւն»,- ըսաւ Կրթութեան Եւ Գիտութեան նախարար Արմեն Աշոտեան:

 

Ձեռնարկի ատեն յայտարարուեցաւ նոր ծրագիրներէն մէկը՝ պզտիկներուն համար Հայոց Լեզուի եւ Ճատրակի դասընթացքները: Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ Սմբատ Լպուտեանը այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը շեշտեց: Հայաստանի մէջ ճատրակի ուսուցիչները քիչ են: Մուլթիմետիա օնլայն ծրագիրին դերը մեծ պիտի ըլլայ: Ներկաները պատրաստուած դասերէն որոշ հատուածներ դիտեցին :

 

Տոքթոր Երուանդ Զօրեանը խօսեցաւ բջջային հեռաձայնի եւ նոր սարքերու միջոցով ուսուցման ծրագիրներու եւ կիրարկութիւններու առաջընթացին մասին: Ան նշեց որ այսօր բջջային հեռաձայններու գործածութիւնը անձնական համակարգիչներու գործածութենէն աւելի է: Նկատի ունենալով ժամանակակից ճարտարագիտական այս զարգացումը եւ նպատակ ունենալով բաւարարել ուսանողի եւ հասարակութեան բազմազան պահանջները, Հայկական Համացանցային Համալսարանի դասընթացքները տարածուեցան նաեւ բոլոր տեսակի բջջային հեռաձայններուն վրայ: Տոքթոր Զօրեանը Apple սարքերու համար ստեղծուած համալսարանի քանի մը ծրագիր ցոյց տուաւ :

 

Համալսարանը նաեւ ստեղծած է մուլթիմետիա «նիւթերու համաձայն փաթեթներ» Podcasts, որոնք ոչ միայն ուսանողներու համար նախատեսուած են, որուն շնորհիւ ալ հայկական կրթութեամբ հետաքրքրուողները կարելիութիւն պիտի ունենան առանց համալսարանի ուսանող ըլլալու ծանօթանալ հայկական ճարտարապետութեանը, երաժշտութեանը եւ պատմութեանը:

 

Նոր ծրագիրները ներկայացնելէն զատ՝ ձեռնարկին տեղի ունեցաւ նաեւ վկայականներու բաշխումը: Համալսարանի առաջին շրջանաւարտները վկայական ստացան:

 

ՀՀՀ-ի շարջանաւարտները կարելիութիւն ունեցան իրենց աւարտական խօսքը ըսելու ինչպէս սրահը ներկայ գտնուելով, այնպէս ալ առցանց: Արմեն Գատեանը (Գերմանիա, Պերլին), Լիւթմիլա Սարգիսեանը (Ֆրանսա, Սելէսթաթ) եւ Գալ Թամիլը (Իսլայէլ, Թէլ Ապիպ) կիսեցին իրեց տպաւորութիւնները` նշելով համալսարանի դերը իրենց կեանքին մէջ: Արմենը եւ Լիւթմիլան հայերէն լեզուն ՀՀՀ-ի մէջ սորվուած են: Անոնք հայերէն խօսեցան: Լիւթմիլան հայերէն սորված է իր պզտիկներուն հայացի կրթութիւն տալու համար:

 

Օնլայն կապի միջոցով նաեւ Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեանը շրջանաւարտները շնորհաւորեց: Ան իր խօսքին մէջ նշեց ՀՀՀ-ի մեծ դերը հայկական համայնքները իրար կապելու եւ Վրաստանի մէջ հայ ինքնութիւնը պահելու մէջ:

 

«Երեք տարուան ընթացքին ՀՀՀ աննախադէպ աշխատանք յառաջ տարած է, իւրաքանչիւրիս տան մէջ տարածելով հիասքանչ հայոց լեզուն եւ փառաւոր ու անվեհեր մշակոյթը,- ըսաւ հայոց լեզուի դասընթացքի շրջանաւարտ Էլիզաբէթ Փարթամեան (Ուրուկուէյ): - Մենք որպէս ուսանողներ, այսօր աւելի քան երբեք պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն ունինք կատարելու: Մեր դասատուներուն փոխանցած գիտելիքները պէտք չէ վերապահենք մենք մեզի այլ հարկաւոր է զանոնք ինքնաշխատութեամբ զարգացնել եւ փոխանցել մեզ յաջորդող ուսանողներուն, քաջալերել եւ ներշնչել զիրենք, որ մեր ուղին շարունակեն: Այս երեք տարիներու ընթացքին Համալսարանը ո՛չ միայն գիտելիքներով մեզ հարստացուց, այլ նաեւ մեծ դեր խաղցաւ արթնցնելու պատկանելիութեան զգացումը հանդէպ կրթական օճախին: Կոչ կ\'ուղեմ բոլորին հետեւիլ իրենց օրինակին եւ հաւատարիմ մնալ մեր արմատներուն: Ուր ալ ըլլանք, աշխատինք որ Հայ ազգը միշտ լուսաւոր ըլլայ, բարգաւաճի եւ մեր մշակոյթը ծանօթացնենք համայն աշխարհին»:

 

Համընդհանուր օնլայն ֆորումի աւարտին իր խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ Կեդրոնական Խորհուրդի անդամ Ռուբէն Քեշիշեանը: Ան շնորհաւորեց համալսարանին իր ձեռքբերումներուն համար եւ կարեւորեց ՀՀՀ-ի մեծ դերը Պուէնոս Այրէս քաղաքի Մարի Մանուկեան դպրոցին համար:

 

Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին

ՀՀՀ ծրագիրը ծնունդ առաւ 2004 թուականին, Հ.Բ.Ը.Մ. Սիլիքոն Վելիի Մասնաճիւղի նախագահ Տոքթոր Երուանդ Զօրեանի կողմէ: Տարիներ շարունակ ան նշած էր այսպիսի կրթական ծրագիրի մը ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, որ կրնար բաւարարել սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ գտնուող հայ երիտասարդներուն պահանջները։ Գործածելով համաժամանակեայ եւ տարաժամանակեայ հաղորդակցման միջոցները, ՀՀՀ-ն ուսանողներուն կարելիութիւն կու տայ նոր գիտելիքներ ստանալու իրենց յարմար ժամանակին, ինչպէս նաեւ երեւութական ուսուցիչին եւ դասընկերներուն հետ անմիջականօրէն հաղորդակցուելու: Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող երեւութական կրթութեան վերջին զարգացումներուն զուգընթաց, ՀՀՀ-ի նպատակն է նաեւ ստեղծել երեւութական համայնք մը, որ կրնայ մշակութային կրթութեան կողքին իրարու հաղորդակից դարձնել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ սփռուած հայ ուսանողները։

 

Աւարտական օնլայն հանդիսութիւն

http://www.avc-agbu.org/home.php?page=anniversary&page2=welcome&lang=en_utf8

 

Տեսանիւթ

Երկիրն այսօր. լուրեր

http://www.youtube.com/watch?feature=player_embedded&v=wOoXRubdpqA#t=81s

 

Սիւիլնէթ

http://www.youtube.com/watch?v=kVMU7R7wS0s&feature=player_embedded#t=5s

 

Արմնիւզ

http://www.youtube.com/watch?v=5g4aK033hJU&feature=player_embedded#t=18s

 

Շանթ Հեռուստաընկերութիւն

http://www.youtube.com/watch?v=oVgRpt2tvcU&feature=player_embedded#t=48s