login
Յօդուածներ
Պալեաններու ժառանգը. առցանց աշխատանիստ նուիրուած Օսմանեան կայսրութեան յայտնի ճարտարապետներուն 05/18/2023

18 Մայիս 2023-ին, UCLA-ի Promise Armenian Institute-ը («Խոստում») եւ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը համագործակցաբար կազմակերպեցին «Պալեաններ․ Օսմանեան ճարտարապետութիւնը եւ Պալեաններու արխիւը» խորագիրով առցանց աշխատանիստ, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան գլուխգործոց կառոյցներու ճարտարապետներու՝ Պալեաններու ժառանգը: Ձեռնարկը հովանաւորուած էր UCLA-ի Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի, Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու եւ Հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութեան (NAASR) եւ Արարատ-Էսքիճեան թանգարանի կողմէ:


Պալեաններու ընտանիքէն երեք սերունդ բազմաթիւ նախգիծերով եւ կառոյցներով ձեւաւորած են Օսմանեան կայսրութեան ճարտարապետութեան ոճը: Իրենց նախագծած եւ կատարած աշխատանքները՝ պալատները, առանձնատուները, մզկիթները, եկեղեցիները, դպրոցներն ու հասարակական տարբեր կառոյցները  կը գտնուին Կ. Պոլսոյ (այժմ՝ Իսթանպուլ) մէջ:


Ձեռնարկի ընթացքին «Պալեաններ․ Օսմանեան ճարտարապետութիւնը եւ Պալեաններու արխիւը» գիրքի հեղինակ՝ Ճարտարապետ  Պուքէ Ուրաս ներկայացուց Պալեաններու ունեցած ազդեցութիւնը Օսմանեան շրջանի ճարտարապետութեան վրայ եւ ցոյց տուաւ ճարտարապետական նախագիծեր եւ փաստաթուղթեր՝ Պալեաններու արխիւէն:


Խօսք առաւ նաեւ Արսէն Եարմանը, գիրքի ծրագիրի հովանաւորն ու համակարգողը: Ան  ներկայացուց իր մեկնաբանութիւններն ու տպաւորութիւնները:


ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանն ու UCLA-ի Promise Armenian Institute-ի տնօրէնուհի Աննա Գարակէօզեանը վարեցին առցանց ձեռնարկը: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական քննարկում: Մասնակիցները Պուքէ Ուրասին տարբեր հարցումներ հարցուցին Պալեաններու հարուստ արխիւին, անոնց ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ արխիւներու հասանելիութեան մասին:


Ձեռնարկի տեսաձայնագրութիւնն ու հիւր-բանախօսներու տրամադրած աղբիւրները կրնաք տեսնել այցելելով ՀՀՀ-ի կրթական հարթակ: