Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ), ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս նպաստեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Համաշխարհայի առաջնորդութեան եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի կազմակերպած «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրներու իրականացման:
Վերոյիշեալ ծրագիրներուն նպատակն է ի մի բերել Հայաստանի եւ սփիւռքի հայ երիտասարդները՝ կրթական ծրագիրներու եւ ընկերային կապերու միջոցով: Այս առթիւ, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկներ, տրամադրեց ուսումնական նիւթեր եւ առցանց կրթութեան մէջ իր ունեցած 15 տարուան փորձառութեամբ հարստացուց նշուած ծրագիրներուն օրակարգը:
Այս տարի, Յունիս 16 - Յուլիս 17 տեղի ունեցած «Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիր»ին (GLP) մասնակցեցաւ 20 երիտասարդ: Բոլորն ալ ըստ իրենց մասնագիտութիւններուն հետեւեցան համապատասխան գործնական աշխատանքներուն:
Անոնք նաեւ հետեւեցան ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Արեւմտահայերէն լեզուի դասընթացքին եւ մասնակցեցան Արցախի նուիրուած առցանց ձեռնարկին Արեւմտահայերէնի բաժինի պատասխանատու՝ Զեփիւռ Խպլիկեանի եւ Աւագ հեռավար ուսուցչուհի՝ Անի Տեկիրմէնճեանի գլխաւորութեամբ:
Զեփիւռ Խպլիկեանը նշեց. ««Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիր»ի մասնակիցները ՀՀՀ-ի կազմակերպած արեւմտահայերէնի դասընթացքներուն աշխուժօրէն կը հետեւէին:Անոնցմէ շատեր փափաք յայտնեցին ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն հետեւելով բարելաւել իրենց հայերէնի իմացութինը»:
Յունիս 3- Օգոստոս 24 տեղի ունեցած «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրին միացաւ 600 մասնակից՝ 19 երկիրներէ: 6 խումբով Հայաստան ժամանած 13-18 տարեկան պատանիներ հայկական մշակոյթը բացայայտելու եւ ուսումնասիրելու առիթն ունեցան:
Հաղորդակցութեան եւ համագործակցութեան մասնագէտ Կիմա Սերոբեան ՀԲԸՄ-ի գրասենեակէն ներս ողջունեց մասնակիցները եւ ներկայացուց ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրները, ել. դասընթացքները եւ առցանց ձեռնարկները:
Ան կ'ըսէ. «Ուրախ ենք, որ Հայաստան այցելող մասնակիցներուն հանդիպելու առիթն ունեցանք: Անոնք հետաքրքրուած էին եւ կ'ուզէին տեղեկութիւններ ստանալ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ծաւալած գործունէութեան մասին: Հպարտ ենք, որ Հայաստանը աւելի լաւ ճանչնալու եւ իրենց արմատներուն վերամիանալու ճիգին մէջ մենք ալ մեր ներդրումը ունեցանք»:
Ամառնային ծրագիրներէն բացի, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Ամառնային ուսումնական շրջանը պահպանեց իր ճոխ եւ հաճելի ընթացքը:
Այս շրջանին, աւելի քան 900 ուսանող հետեւեցաւ Հայոց լեզուի, Հայոց պատմութեան, Հայկական մշակոյթի եւ Ճատրակի դասընթացքներուն: Առաւել, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհիները Հայաստանի ամառնային փառատօներուն նուիրուած յատուկ առցանց ձեռնարկ մը կազմակերպեցին:
ՀՀՀ-ի ուսանողներէն Կարապետ Վարատեանը, առցանց ձեռնարկին մասնակցելէ ետք այսպէս կը գրէ.« Շատ շնորհակալ եմ: Ձեռնարկը շատ հետաքրքրական էր: Հայաստանի ամառնային փառատօներէն շատ սիրեցի տոլմայի եւ ոչխարներու խուզման փառատօները»:
Ուրիշ ուսանող մը կ'ըսէ. « Շատ հաճելի էր: Փառատօներ կան, որոնց կ'ուզէի մասնակցիլ: Օր մը, անպայման, Հայաստան պիտի այցելեմ»:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը Ամառնային ճոխ ու յագեցած ուսումնական շրջանէն ետք կը պատրաստուի Աշնանային ուսումնական շրջանին՝ նոր եւ հաճելի ծրագիրներով: