login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի A1 դասընթացքի յաջող ընթացքը հայկական դպրոցներէն ներս 11/15/2023

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) կը նպաստէ  STEM կրթութեան կիրարկման՝ Հայաստանի դպրոցներէն ներս: 2022-էն ի վեր, 8 դպրոցներէ՝ աւելի քան 160 աշակերտ, ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքի միջոցով կ'ուսումնասիրեն արհեստական բանականութեան հիմունքները: 

 

Սիլիքոն Հովիտի նախաձեռնութեամբ եւ Սինոփսիս հիմնադրամի կողմէ հովանաւորուած «Արհեստական բանականութիւն» դասընթացքի նպատակն է աջակցիլ  STEM կրթութեան՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:  Դասընթացքը մշակուած է UEICT-ի եւ  Սինոփսիս Արմենիայի կրթական բաժինի կողմէ  եւ տեղադրուած ՀՀՀ-ի առցանց հարթակին վրայ: 

 

Շեշտելով գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան կարեւորութիւնը, դոկտ. Զօրեան կը նշէ. «Այս դասընթացքը մշակեցինք, որպէսզի նոր սերունդը միշտ օգտագործէ  AI-ը»: 

 

Ծրագիրը սկիզբ առաւ 2022 թուականի Ապրիլին, Արցախի մէջ: «Մունք» դպրոցէն 12 աշակերտ յաջողութեամբ աւարտեցին առաջին մակարդակը: Ապա, դասընթացքին հետեւեցան նաեւ Երեւանի թիւ 65 աւագ դպրոցէն եւ Գիւմրիի շարք մը դպրոցներէն մօտաւորապէս 40 աշակերտ:

 

2023-ի աշնան ծրագիրին միացան Երեւանի թիւ 112 աւագ դպրոցը, «Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիրը, ԵՊՀ STEM աւագ դպրոցը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Էօրնէկեան հանրակրթական դպրոցը:  

 

Աշակերտներէն մէկը կը նշէ. «Այս ծրագիրը շատ կարեւոր է ՏՏ ոլորտի զարգացման համար: Դասընթացքին շնորհիւ որոշեցի աւելի ուսումնասիրել այս ոլորտը եւ հարստացնել գիտելիքներս»: 

 

AI դասընթացքը կ'աւանդուի հիպրիթ ծրագիրին միջոցով: Հեռավար ուսուցիչը պարբերաբար կ'այցելէ դպրոցները, գործնական դասեր տալու, դասի ընթացքը հսկելու եւ տեղւոյն ուսուցիչին աջակցելու նպատակով: