Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Ճատրակի համահայկական 4-րդ ճամբարն ու մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ 2024 թուականի Սեպտեմբեր 23-Հոկտեմբեր 20, մեծ յաջողութիւն արձանագրեց: Հոկտեմբեր 20-ին, մրցաշարքի փակման արարողութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ մրցանակակիրներու անունները:
Փակման արարողութեան ներկայ էին. ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր նախագահ եւ ՀԲԸՄ-ի փոխնախագահ՝ դոկտ. Երուանդ Զօրեան, 1962-1978 կանանց ճատրակի աշխարհի ախոյեան՝ ճատրակորդ Նոնա Գափրինդաշվիլին, Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի նախագահ՝ ճատրակորդ Սմբատ Լպուտեան, ճատրակորդներ ու ճատրակի ախոյեաններ, ինչպէս նաեւ մրցաշարքի մասնակիցներ:
Մրցաշարքէն առաջ, մասնակիցները միջազգային ճատրակորդ Աննա Սարգսեանի, Հայաստանի ճատրակի կրկնակի ախոյեան Սամուէլ Տէր Սահակեանի եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ ճատրակի հեռավար ուսուցչուհի Մանէ Ադամեանի ղեկավարութեամբ երկու շաբաթ ճատրակի դասընթացքներու հետեւելու առիթն ունեցան:
Մրցաշարքը ընթացաւ 6 հանգրուանով: Մասնակիցները բաժնուած էին տարիքային երկու խումբի՝ մինչեւ 12 տարեկան եւ 12-18 տարեկան: Մրցանակակիրներու անունները յայտարարուեցան փակման արարողութեան ընթացքին: Այսպէս.
Մինչեւ 12 տարեկան․
1-ին դրիքը գրաւեց՝ Արարատ Պաղտասարեան, 11 տարեկան, ԱՄՆ
2-րդ դիրքը գրաւեց՝ Ալէն Խաչեան, 12 տարեկան, Հայաստան
3-րդ դիրքը գրաւեց՝ Սոֆիա Բաղրամեան, 8 տարեկան, Հայաստան
12-18 տարեկան․
1-ին դիրքը գրաւեց՝ Շահան Ա. Սայիտ-Մովսիսեան, 13 տարեկան, Սէուտական Արաբիա
2-րդ դիրքը գրաւեց՝ Դաւիթ Գալստեան, 14 տարեկան, ԱՄՆ
3-րդ դիրքը գրաւեց՝ Էլինա Սողոմոնեան, 15 տարեկան, Հայաստան
Յաղթողները եւ ճամբարի աաշխոյժ մասնակիցները վկայականներ ու մրցանակներ ստացան: Եգիպտոսէն մասնակցող 71 տարեկան Խաչիկ Գասապեան մրցաշարքին խանդավառ հետեւելուն համար ստացաւ յատուկ մրցանակ: Աւարտին տեղի ունեցաւ ճատրակի խաղ, որուն մասնակցեցան բոլորը:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ․ Երուանդ Զօրեան ողջոյնի խօսքով այսպէս դիմեց ներկաներուն. «Չորս տարի առաջ՝ համավարակի ընթացքին, այս մրցաշարքը նախաձեռնեցինք, ճատրակասէրները համախմբելու միտումով: Այսօր մենք ունինք ճատրակի յատուկ համայնք, որուն մաս կազմած են 1250 ճատրակասէր, 35 տարբեր երկիրներէ»:
Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ, ճատրակորդ Սմբատ Լպուտեանն ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր կազմակերպիչներուն, մասնակիցներուն եւ անոնց, որոնք նպաստեցին այս մրցաշարքի իրականացման: ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը վերջին 4 տարիներուն կարեւոր ներդրում ունեցած է ճատրակի ոլորտի զարգացման մէջ»:
Առաջին կին յայտնի ճատրակորդ Նոնա Գափրինդաշվիլին մրցաշարքին անդրադառնալով ըսաւ. «Նորարարական մօտեցումը շատ տպաւորիչ է: Ճատրակ սիրող եւ ճատրակով հետաքրքրուողներուն թիւը միշտ աճի մէջ է. երեւոյթ մը, որուն համար կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ին եւ Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային: Կը շնորհաւորեմ»:
Հայաստանի առաջատար ճատրակորդներէն Ռոպէրթ Յովհաննիսեան շնորհաւորեց յաղթողները եւ խրախուսեց երիտասարդ ճատրակորդները, որ զարգացնեն իրենց հմտութիւնները, այս բնագաւառէն ներս նոր բարձունքներ նուաճելու համար»:
Մրցաշարքի ու փակման հանդիսութեան տպաւորութիւնը մեծ էր ու դրական: ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը անընդհատ գնահատականներ եւ շնորհաւորանքներ կը ստանայ բոլոր մասնակիցներէն: Հնդկաստանի հայկական մշակութային կեդրոնը նշած է. «Կը շնորհաւորենք ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը։ Շնորհակալ ենք, որ անգամ մը եւս ճատրակի շնորհիւ կրցանք համախմբուիլ»:
Այս տարի ճատրակի համահայկական 4-րդ ճամբարին ու մրցաշարքին միացաւ աւելի քան 130 մասնակից՝ 19 երկիրներէ: Բոլոր մասնակիցները քննարկումներուն հետեւելու, ճատրակի խաղերը դիտելու, մասնագիտական դասերուն ներկայ գտնուելու եւ նոր ընկերներու ծանօթանալու ու ճատրակասէրներու համայնքին մաս կազմելու առիթն ունեցան: PACT platform.
Ճատրակի համահայկական մրցաշարքը միշտ պիտի նպաստէ ճատրակի զարգացման:
Փակման արարողութիւնը կրնաք այստեղ տեսնել, իսկ Ճատրակի համահայկական 4-րդ ճամբար-մրցաշարքի կարճ ամփոփումը՝ այստեղ: