Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Ազգային անվտանգութիւնը խիստ կարեւոր անհրաժեշտութիւն է, յատկապէս ներկայ օրերուս, երբ ամբողջ աշխարհը վտանգուած է տարատեսակ ահաբեկչութիւններու եւ աշխահաքաղաքական լարուածութեան պատճառով: Առ այդ, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) ձեռնարկեց նոր դասընթացքի մը իրագործման՝ «Ազգային անվտանգութիւն. ռազմավարութիւն եւ ծրագրաւորում» խորագիրով:
Այս դասընթացքը մշակուած է Հայաստանի եւ սփիւռքի ռազմավարական ծրագրաւորման ոլորտի փորձագէտներու եւ նշանաւոր մասնագէտներու կողմէ: Նպատակն է օգնել անվտանգութեան քաղաքականութիւնը մշակողներուն, միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծաբաններուն եւ ուսանողներուն՝ լուծելու ազգային անվտանգութեան բարդ խնդրիները: Դասընթացքի հեղինակներն են՝ Պոսթընի NSI-ի գլխաւոր վերլուծաբան եւ փոխնախագահ՝ դոկտ. Էլիսըն Էսթորինօ Քորթուան եւ Lawrence Livermore National Laboratory-էն՝ դոկտ. Հրայր Գապայեանը:
Դասընթացքի հիմքը կազմուած է մեծ եւ կարեւոր փորձառութեան մը վրայ: Այս առումով ծրագիրի գլխաւոր մշակողներէն դոկտ. Գապայեան կը նշէ. «Մենք կը փորձենք լաւ մեթոտաբանութիւն հաստատել աշխարհի այս բազմախնդիր տարածքին եւ կանխատեսել գալիք միտումները: Բովանդակութիւնը կազմուած է աւելի քան 20 տարիէ Ուաշինկթընի մէջ ընթացք առած փորձառութեան վրայ»:
Դասընթացքի մշակման մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են նաեւ. GIS քարտէս մշակող՝ Ալեքս Թուր Սարգիսեան, պաշտպանութեան գործառքի եւ ծրագրաւորման վերլուծաբան՝ Արիս Մարտիրոսեան, հայոց նորագոյն պատմութեան փրոֆէսոր (այժմ թոշակառու) եւ Հայաստանի առաջին նախագահի խորհրդական՝ դոկտ. Ժիրայր Լիպարիտեան, ծրագիրի կառավարման մասնագէտ՝ Դալար Գազնճեան եւ ՀՀՀ-ի հիմանդիր նախագահ, ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ՝ դոկտ. Երուանդ Զօրեան:
Դասընթացքը կը ներկայացուի IRC (շահագրգռուածութիւն, լուծում, կարելիութիւն) մեթոտով, խիստ անորոշ միջավայրերը գնահատելու, իսկ ազգային անվտանգութեան գաղափարն ու կիրառումը աւելի հասկնալի դարձնելու միտումով՝ ծրագիրը յագեցած է ներգործօն տեսադասերով, քննարկում-վարժութիւններով, քարտէսներով եւ այլ միջոցներով: Առաւել կայ յատուկ պատրաստուած խաղ-վարժութիւն, ընդգրկուած մեթոտները գործնականօրէն կիրառելու համար: Այս խաղը պատրաստուած է փորձագէտներու կողմէ, որոնք օգտագործելով տարբեր իրավիճակներ գնահատած են Հայաստանի գալիք ուղիները եւ ռազմավարական հնարաւորութիւնները: Այս վարժութիւնը կ'օգնէ ստացուած տեղեկութիւնը իրական կեանքի մէջ գործնականօրէն կիրառելու եւ ծրագրաւորելու աշխատանքին:
Դասընթացքի մեկնարկը կարեւոր քայլ է ռազմավարութեան եւ ծրագրաւորման միջոցով ազգային անվտանգութիւնը ամրապնդելու համար: Այս դասընթացքը, իր գործնական կիրառումով եւ հարուստ փորձառութեան հիման վրայ պատրաստուած նիւթերով կու գայ փաստելու մեր ներկայ օրերուն զայն կիրարկելու յոյժ կարեւորութիւնը: Այս դասընթացքով հետաքրքրուած են ազգային անվտանգութեան խնդիրներով զբաղուողները եւ անոնք, որոնք կը փափաքին զարգացնել իրենց գիտելիքները այս ասպարէզէն ներս: