Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի կրթական բաժինը կը կատարէ երկար սպասուած Հայ գրականութեան դասընթացքի մշակման աշխատանքները:
Դասընթացքը պիտի բաղկանայ երկու մասէ: Առաջին մասը պիտի ընդգրկէ հին դարաշրջաններէն մինչեւ 1850-ականներու գրական յայտնի երկերը, իսկ երկրորդ մասը՝ 1850-ականներէն մինչեւ նորագոյն շրջանի գրականութեան ժառանգը:
Դասընթացքի շնորհիւ ուսանողները կը ծանօթանան հայկական առասպելներուն, բանահիւսութեան, գրական սեռերուն եւ ուղղութիւններուն: Նախատեսուած է, որ ուսանողները խմբային քննարկումներու եւ վերլուծութիւններու միջոցով սերտեն գրական տարբեր երկեր: Ընդհանուր առմամբ, ուսանողները հայ գրականութեան եւ հարուստ մշակոյթին մասին բաւականին լայնածաւալ տեղեկութիւն պիտի ստանան:
Դասերը պիտի տրամադրուին թէ՛ արեւելահայերէնով եւ թէ՛ արեւմտահայերէնով:
Դասընթացքի գաղափարը յղացած են հայերէնին արդէն տիրապետած ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ուսանողները, որոնք կը փափաքին ճանչնալ հայ գրական դէմքերն ու անոնց ստեղծագործութիւնները:
Դասընթացքի մշակման աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են: