Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) հեռավար ուսուցման առաջատար հաստատութիւններէն է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Այս իսկ պատճառով ՀՀՀ-ը կը հետեւի ճարտարագիտութեան նորութիւններուն եւ զարգացումներուն՝ STEM կրթութեան ոլորտին իր նպաստը բերելու միտումով:
17 Հոկտեմբեր 2023-ին, ՀՀՀ-ը իր մասնակցութիւնը բերաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Silicon Mountains ճարտարագիտական գագաթնաժողովին, ուր ներկայ էին ճարտարագիտութեան ոլորտի մասնագէտներ՝ ներկայացնելու իրենց առաջարկներն ու լուծումները:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ, Սինոփսիս ընկերութեան գլխաւոր ճարտարագէտ եւ Սինոփսիս Արմենիա ընկերութեան նախագահ դոկտ․ Երուանդ Զօրեան վարեց «Խելացի երկիր» խորագրով քննարկումի նիստը:
Գագաթնաժողովը հանդիսացաւ Հայաստանի թուային ապագային անդրադարձող այն հարթակը, ուր մասնակիցները ներկայացուցին իրենց գիտելիքները, փորձառութիւնը եւ առաջարկեցին նորարար գաղափարներ՝ հայկական ճարտարագիտական արդիւնաբերութիւնը զարգացնելու համար:
Նոյն ամսուն, Հոկտեմբեր 25-27-ը, տեղի ունեցաւ մէկ այլ հետաքրքրական համաժողով, Հայաստանի կիրառական քաղաքականութեան հետազօտական ինստիտուտի (APRI) կողմէ կազմակերպուած՝ «ԱՊՐԻ ֆորում 2023» խորագրով: Համաժողովին քննարկուեցան Հայաստանի մարտահրաւէրները՝ ճգնաժամը յաղթահարելու եւ զարգացման նպաստելու ուղիները:
ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ եւ ԱՊՐԻ հիմնադիր խորհուրդի անդամ դոկտ. Երուանդ Զօրեան վարեց համաժողովի երկու նիստերը:
Առաջին նիստը կը կրէր «Համակարգչային եւ տեղեկատուական համակարգերու անվտանգութիւնը փոքր պետութիւններու մէջ» խորագիրը: ՀՀ բարձր տեխնոլոգիական արդիւնաբերութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գէորգ Մանթաշեան ներկայացուց խնդիրի վերաբերեալ իր տեսակէտը: Ներկայացուեցան նաեւ նորարար լուծումներ՝ անվտանգութիւնը ապահովելու միտումով:
Քննարկումի երկրորդ նիստին, դոկտ. Զօրեան եւ Տեղեկատուական համակարգերու կառավարման խորհուրդի քարտուղար Ներսէս Երիցեան քննարկեցին «Թուայնացումի զարգացումը Հայաստանի մէջ» նիւթը, շեշտելով թուայնացման կարեւորութիւնը ի նպաստ Հայաստանի զարգացման: