Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Մայիսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Էօրնէկեան դպրոցի երկրորդական բաժինէն 18 աշակերտ աւարտեցին ՀԲԸՄ ՀՀՀ -ի Արհեստական բանականութեան դասընթացքի առաջին մասը։
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտոր Երուանդ Զօրեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառի հանդիպումէն ետք, 2023 թուականի վերջաւորութեան սկիզբ առաւ համագործակցութիւն ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի անձանակազմի եւ Էօրնէկեան դպրոցի տնօրէնութեան միջեւ:
2023-2024 ուսումնական տարեշրջանին, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի արհեստական բանականութեան մասնագէտ՝ Մհեր Երզնկեանի եւ Էօրնէկեան դպրոցի ուսուցիչի աջակցութեամբ աշակերտները հետեւեցան ՀՀՀ-ի Արհեստական բանականութեան բազմաբնոյթ եւ ներգործօն դասերուն: Ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, աշակերտները յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին ներկայացուցին իրենց վերջնական նախագիծերը դպրոցի տնօրէնի, ուսուցիչներու եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի աշխատակիցներու ներկայութեան:
Այս ծրագիրին նպատակն է դպրոցներու բարձր կարգերու աշակերտներուն տրամադրել արհեստական բանականութեան հիմնական գիտելիքները եւ գործնական հմտութիւնները: Այսպիսով, անոնք կը ծանօթանան արհեստական բանականութեան աշխարհին եւ նոր հմտութիւններով կը նախապատրաստուին ապագայ աշխատանքային կեանքին:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ Արհեստական բանականութեան դասընթացքը կը տրամադրուի հիպրիթ ծրագիրով՝ առցանց ուսուցման եւ աւանդական, դասարանային կրթութեան զուգորդումով: Նշենք նաեւ, որ ՀԲԸՄ ՀՀՀ -ի արհեստական բանականութեան մասնագէտը ամէն շաբաթ դպրոց կ'այցելէ՝ դասերը վարելու համար: Դասընթացքը կը խթանէ գործնական ուսուցումը՝ հետաքրքրական նախագիծերու եւ խմբային աշխատանքներու միջոցով:
Այս ծրագիրը կ'իրականանայ ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վալիի, Հայկական «Տեղեկատուական եւ հաղորդակցական ճարտարագիտութեան գործատուներու միութեան» (UEICT), Սինոփսիս հիմնադրամի, Սինոփսիս Արմենիայի (կրթական բաժին) եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի համատեղ ջամքերով: