Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի (ՀՀՀ) եւ Օսթինի Համաշխարհային յարաբերութիւններու խորհուրդի գիտնականներու տիպլոմային ծրագիրի համագործակցութիւնը տուաւ իր առաջին արդիւնքը: 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանին, Տէլ Վալէի երկրորդական վարժարանէն 20 աշակերտ հետեւեցան ՀՀՀ-ի Հայոց պատմութեան դասընթացքին: Անոնցմէ 6 աշակերտ Հայոց պատմութեան ամբողջ ծրագիրը աւարտեց եւ ՀՀՀ-ի վկայականին արժանացաւ:
18 Մայիս, 2022-ին, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխումի առցանց արարողութիւնը, ներկայութեամբ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեանի, ՀՀՀ-ի Գործառնական բաժինի տնօրէն՝ Արփինէ Թաւաքալեանի եւ աւագ հեռավար ուսուցիչ՝ Անի Տեկիրմէնճեանի: Վերջինս, ուսուցման ընթացքին, աշակերտները առաջնորդեց իր ցուցմունքներով եւ խորհուրդներով:
ՀՀՀ-ի Պատմութեան դասընթացքը միջազգային կրթութեան եւ ցեղասպանութեան իրազեկման ծրագիրին մէկ մասն է, որ սկիզբ առած է Օգոստոս 2021-ին, ՀՀՀ-ի եւ Օսթինի Համաշխարհային յարաբերութիւններու խորհուրդի համատեղ ջանքերով: 2021-ի Սեպտեմբերէն ի վեր միջազգային երեք դպրոց մասնակցած է այս ծրագիրին եւ ծանօթացած է հայ ժողովուրդի պատմութեան:
ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրի առաջնորդութեան եւ ցեղասպանութեան իրազեկման ծրագիրին աջակցելուն առթիւ, Դոկտ. Զօրեանին Օսթինի պատուաւոր քաղաքացիութիւնը կը շնորհուի: Ան կը ստանայ նաեւ մրցանակ եւ հաստատող գիր ԱՄՆ-ի ծերակուտական՝ Թետ Քրուզէն եւ Արիզոնայի ու Միչիկընի նահանգապետներէն: Առ ի գնահատանք իրենց մատուցած ջանքերուն, Արփինէ Թաւաքալեանն ու Անի Տեկիրմէնճեանն ալ մրցանակ կը ստանան:
Դոկտ. Զօրեան երախտիքով կ'անդրադառնայ այս համատեղ գործակցութեան, նշելով. « Պատմութիւնը ճանչնալը, հասկնալը եւ հոնկէ դասեր քաղելը շատ կարեւոր է: Հայոց պատմութիւնը համաշխարհային պատմութեան մէկ մասն է: Ես կը կարծեմ, որ աշակերտները իսկապէս կը գնահատեն իրենց վարժարանի՝ Օսթինի Համաշխարհային յարաբերութիւններու խորհուրդի եւ ՀԲԸՄ-ի հայկական համացանցային համալսարանի ընձեռած հնարաւորութիւնը»:
Ապա կը շնորհաւորէ աշակերտները, որոնք արդէն դարձած են ՀՀՀ-ի աշխարհատարած ուսանողներու ընտանիքի անդամները:
Օսթինի Համաշխարհային յարաբերութիւններու խորհուրդի գիտնականներու տիպլոմային ծրագիրի տնօրէն, ՀՀՀ-ի շրջանաւարտ Մայքլ Քանինկհեմը իր նուիրումին եւ ջանքին համար կը ստանայ ՀՀՀ-ի դեսպանի կոչումը: