Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

ՀԲԸՄ ՀՀՀ -ի գրասենեակէն ներս, արդիւնաւէտ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ՀՀ ԳԱԱ) Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի Արեւմտահայերէնի բաժինի անձնակազմին հետ: Երկու կազմակերպութիւնները ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը եւ քննարկուեցան համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:
Յետադարձ այցելութեան ընթացքին, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչները հանդիպեցան ինստիտուտի տնօրէն դոկտ. Վ. Կատուալեանի հետ եւ մանրամասնօրէն ծանօթացան արդէն ճիշդ 10 տարի առաջ հաստատուած Արեւմտահայերէնի բաժինի ծաւալած աշխատանքին:
Հանդիպումը շինիչ էր եւ արդիւնաւէտ: Արծարծուեցան համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, ինչպէս՝ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման ուղղուած համատեղ աշխատանիստերու, համաժողովներու, հետազօտութիւններու եւ հայոց լեզուի պատմութեան եւ կիրառման առնչուղ հրապարակումներու հնարաւորութիւնը:
Զոյգ հաստատութիւններու նպատակն է հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումն ու տարածումը: