login
Յօդուածներ
Հայկական Համացանցային Համալսարանը մասնակցեցաւ WCIT 2019 համաժողովին 10/09/2019

Հայկական Համացանցային Համալսարանի առցանց ծրագիրը, ել. գիրքերը եւ կրթական նորարարութիւնները ներկայացուեցան 2019-ին Երեւան տեղի ունեցած WCIT համաժողովին, Հոկտեմբեր 7-9-ը:

 

Համաժողովին ներկայ էին 2500 մասնակիցներ՝ աշխարհի 70 երկիրներէ: Այս համաժողովը հոյակապ առիթ դարձաւ ցուցադրելու Հայաստանի ձեռքբերումները՝ այս ոլորտի առաջատար ներկայացուցիչներու եւ փորձագէտներու դիմաց: ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Երուանդ Զօրեան որպէս խօսնակ հրաւիրուած էր WCIT 2019 համաժողովին:

 

Այդ ընթացքին, ՀՀՀ-ի  ծրագիրները ներկայացուեցան ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան եւ համաժողովի հովանաւոր՝ ՀԲԸՄ Հայաստանի տաղաւարներէն ներս: Նշենք, որ ՀԲԸՄ Հայաստանի տաղաւարը ներկայացուց նաեւ այն ծրագիրները, որոնք միտուած են պահապանելու հայոց լեզուն, պատմութիւնը եւ մշակոյթը, իսկ ԿԳՄՍ նախարարութեան տաղաւարէն ներս ներկայացուեցան նաեւ AUA-ի,  TUMO-ի եւ Armath-ի աշխատանքները:

 

ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեր նպատակն է ունենալ կիրթ, ստեղծարար եւ գործունեայ քաղաքացի: Մենք կը խրախուսենք, որ երիտասարդները նորարար ըլլան»:

 

Իսկ դոկտ. Զօրեան շնորհակալական խօսքին մէջ յայտնեց. «Նախարարութիւնը համաժողովին ներկայացուց կրթական առաջատար հաստատութիւններու, ընդ որում եւ ՀՀՀ-ի  նուաճումները՝ ճարտարագիտական ոլորտին մէջ: Շնորհակալութիւն Հայաստանի կառավարութեան, յատկապէս կրթութեան նախարարութեան՝ այս հիանալի հնարաւորութեան համար»:

 

ՀՀՀ-ի ծրագիրները գրաւեցին այցելուներու եւ լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը: ՀՀՀ-ը ներկայացուց իր առցանց դասընթացքները, ել. գիրքերը, նաեւ ցոյց տուաւ   օրինակներ STEM  ոլորտի կատարած աշխատանքներէն: Դոկտ. Զօրեան նշեց. «Հայաստանի մէջ մասնագէտ ուսուցիչներու եւ աշխատանոցներու բացը ամբողջացնելու համար ստեղծեցինք այնպիսի աշխատանոցներ, որոնք հասանելի են բոլոր ուսանողներուն»: