Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

30 Մայիս 2019-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը, համագործակցելով ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ու «Սարդարապատ» պետական ազգագրութեան թանգարանի հետ, կազմակերպեց առցանց ձեռնարկ՝ նուիրուած հայ ժողովրդի մայիսեան յաղթանակներուն եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 101-ամեակին: Մասնակիցները, աշխարհի տարբեր երկիրներէն, առցանց այցելեցին Սարդարապատի թանգարան ու վերյիշեցին պատմական այն դէպքերը, որոնց շնորհիւ վերահաստատուեցաւ հայոց պետականութիւնը եւ հայ ժողովուրդը փրկուեցաւ վերջնական բնաջնջումէ։