Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Հոկտեմբեր 2019-ին, Քիմ եւ Քորթնի Քարտաշեանները այցելեցին ՀԲԸՄ Հայաստանի գրասենեակ եւ ծանօթացան միութեան ու ՀՀՀ-ի կրթական ծրագրին եւ ել. գիրքերուն:
ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի ծրագիրը. «Առցանց կրթութեան միջոցով մենք հասանելի ենք սփիւռքի համայնքներուն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներ ապրող մարդոց՝ տրամադրելով հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ սորվելու հնարաւորութիւնը»:
Հիւրերուն յատկապէս հետաքրքրեց հայերէնի նոր դասընթացքը, որ յագեցած է տեսանիւթերով եւ animation-ներով: ՀՀՀ-էն երկու ուսանող, որոնք ներկայ էին հանդիպման, ցոյց տուին դասընթացքի առաւելութիւնները եւ խօսեցան իրենց փորձառութեան մասին:
Դոկտ. Զօրեան ներկայացուց նաեւ ՀՀՀ-ի ել. գիրքերը, որոնք նոյնպէս յագեցած են հարուստ բովանդակութեամբ՝ տեսանիւթերով, ձայնով, նկարներով եւ ներգործօն քարտէսներով:
Քիմ եւ Քորթնի Քարտաշեանները բարձր գնահատեցին ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը եւ փափաքեցան հայերէն սորվիլ եւ սորվեցնել իրենց ընտանիքի անդամներուն: