login
Յօդուածներ
Հարաւային Դաշնային Համալսարանը ՀՀՀ-ի հետ համագործակցող 40-րդ ուսումնական հաստատութիւնը հանդիսացաւ 03/02/2021

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի եւ Հարաւային Դաշնային Համալսարանի միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեամբ, ՀՀՀ-ը ընդլայնեց Ռուսիոյ դպրոցներու եւ հայկական համայնքներու հետ սկիզբ առած երկարամեայ գործունէութեան շրջանակը: Համալսարանի հայագիտական կեդրոնը ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրին միացած 40-րդ ուսումնական հաստատութիւնը հանդիսացաւ:

Նոր Նախիջեւանի հայ համայնքի հետ համագործակցաբար հաստատուած կեդրոնը պիտի ծառայէ տարածաշրջանի մէջ հայագիտական հետազօտութիւններ կատարելու աշխատանքին: Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Փետրուար 18-ին, Հարաւային Դաշնային Համալսարանի Ընկերաբանութեան եւ տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնին մէջ: Արարողութեան տեսաուղերձով միացաւ դոկտ. Երուանդ Զօրեանը՝ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահը: Ան նշեց. «Առ այսօր մեր կրթական ծրագիրին միացած են 17.500 ուսանող եւ 39 ուսումնական կեդրոն ու համայնք՝ 112 երկիրէ: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ 40-րդ համագործակցութիւնը այսօր սկիզբ առաւ: Կը մաղթենք, որ Դաշնային Համալսարանի հետ համագործակցութիւնը շարունակական եւ արդիւնաւէտ ըլլայ»: ՀՀՀ-ի «Լեզուաբանութիւն եւ միջմշակութային հաղորդակցութիւն» մագիստրոսական ծրագիրի շնորհիւ Հարաւային Դաշնային Համալսարանի ուսանողները կարելիութիւնը պիտի ունենան հետազօտելու հայ ժողովուրդի լեզուաբանական, պատմական եւ մշակութային երեւոյթները:

Նոր Նախիջեւանի համայնքի եւ ՀՀՀ-ի համագործակցութիւնը սկիզբ առած է 2011-ին: ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներուն մասնակցած են տարբեր տարիքի ուսանողներ: Ներկայիս, ուսանողներու երկու խումբ կը հետեւի ռուսերէնով դասաւանդուող հայերէն լեզուի դասընթացքին: Դասընթացքի երկու մակարդակներու ուսուցիչները Նոր Նախիջեւանէն են: Անոնք յաջողութեամբ աւարտած են ՀՀՀ-ի ուսուցիչներու վերապատրաստման հանգրուանը:

ՀՀՀ-ի նորարար եւ բազմաբնոյթ առցանց ծրագիրները սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթն ու լեզուն պահպանելու եւ խթանելու լաւագոյն միջոցներն են: Այս փաստացի իրականութիւնը անգամ մը եւս հաստատուեցաւ յատկապէս ներկայ դժուար ժամանակաշրջանի ընթացքին: