Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) հայկական համայնքները իրարու միացնող իւրօրինակ մէկ կամուրջ է: ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը, հայկական մշակոյթը տարածելու եւ աշարհասփիւռ հայութիւնը համախմբելու միտումով միջազգային տարբեր ձեռնարկներու կը մասնակցի:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան, որպէս պատուոյ հիւր, միշտ կը մասնակցի տարբեր ձեռնարկներու, podcast-երու, հարցազրոյցներու եւ առցանց աշխատանիստերու:
Դոկտ. Երուանդ Զօրեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող DigiTech 2023 ձեռնարկի հիմնական խօսնակներէն էր: DigiTech-ը յայտնի ձեռնարկ է. կը համախմբէ ճարտարագիտութեան եւ նորարարութեան ոլորտի առաջատար մասնագէտները, որպէսզի փոխանցեն իրենց գիտելիքները:
DigiTech-էն բացի, դոկտ. Զօրեան հրաւէր ստացաւ մասնակցելու քանի մը podcast-երու եւ հարցազրոյցներու, ինչպէս՝ Նարեկ Ամիրխանեանի «Rearrange» podcast-ին: Այստեղ ան ներկայացուց իր տեսակէտները հայկական համայնքի, ճարտարագիտութեան զարգացումին եւ այլ նիւթերու մասին:
EVN Report-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին դոկտ. Զօրեան խօսեցաւ ճարտարագիտական արդիւնաբերութեան միտումներու եւ համաշխարհային շուկայի մէջ Հայաստանի դերին մասին: Իր ընդարձակ գիտելիքներուն եւ փորձառութեան շնորհիւ մեծ ներդրում ունեցած է ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ՝ աշխարհի տարածքին: