Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասընթացքի յաւելուածը հասանելի է iOS-ով եւ Android-ով: Առցանց հեռակայ ուսանողներուն համար լեզուի դասընթացքի 5 մակարդակներու դասերը արդէն հասանելի են (A1, A2, B1, B2 and C1): ՀՀՀ-ի անձնակազմը ներկայիս կ'աշխատի C2 մակարդակի վրայ, որ նոյնպէս հասանելի պիտի դառնայ տարբեր հարթակներով (Desktop եւ mobile format):
Համակարգիչով ներկայացուած տարբերակին պէս, «Learn Armenian with AVC» յաւելուածն ալ կը տրամադրէ թէ՛արեւելահայերէնի եւ թէ՛ արեւմտահայերէնի դասընթացքներ՝ 7 լեզուներով: Բջիջային հեռաձայնով կամ tablet-ներով դասընթացքին հետեւելու համար, ուսանողները պէտք է արձանագրուին avc-agbu.org կայքին կամ իրենց ունեցած ՀՀՀ-ի հաշիւով մուտք գործեն հարթակ:
2009-ին սկիզբ առած ՀՀՀ-ի լեզուի դասընթացքը, լեզուի դասաւանդման աւանդական մեթոտի մէջ նոր տեսակէտ առաջարկեց: Իսկ 2020-ին, ՀՀՀ-ը կրթական նորագոյն լուծումներու եւ ել. ուսուցման մէջ իր ունեցած 10 տարուան փորձառութեան հիման վրայ ներկայացուց դասընթացքներու ամբողջովին նոր, վերանայուած եւ արդի տարբերակ մը:
Բազմաբնոյթ լուծումներով կազմուած բարձրորակ դասընթացքները պատրաստուած են աշխատանքային յատուկ խումբի մը կողմէ, որուն մաս կազմած են ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցիչներ, հետազօտողներ, կրթական մարզի փորձագէտներ եւ լեզուաբաններ:
ԱՄՆ-էն Արա Իշանեան կ'ըսէ. «Ուսումնական ծրագիրը կազմուած է բծախնդրօրէն: Քերականութիւնը, բառապաշարը, լեզուական արտայայտութիւններն ու հայերէն բնագիրները ամուր հիմք կը կազմեն»:
Վերջին երկու տարիներու ընթացքին, աւելի քան 1000 ուսանողներ եւ հիպրիթ ծրագիրին միացած 20 վարժարաններ արդէն հայերէնի նոր դասընթացքին կը հետեւին:
Աւստրալիայէն Քիմպըրլի Մակֆարլէնը կ'ըսէ. «ՀՀՀ-ի նոր դասընթացքները հոյակապ են: Նիւթերը շատ գրաւիչ են. իւրաքանչիւր մակարդակի մէջ կը տեսնենք հետաքրքրական երկխօսութիւններ եւ պատկերաշարժեր, որոնք ներկայացուած են բնիկ լեզուակիրներու կողմէ»:
Հաւատարիմ մնալով «Հայկական կրթութիւն՝ միշտ եւ ամէնուր» կարգախօսին, ՀՀՀ-ի աշխատակազմը բարձրորակ բովանդակութեան զուգահեռ կը ձգտի ուսանողներուն տրամադրել ճկուն եւ յարմարաւէտ դասընթացքներ:
Թէեւ ներգործօն դասերը կարելի է ինքնուրոյն սերտել ու սորվիլ, բայց այսուամենայնիւ հեռավար ուսուցիչները ուսանողներուն կը հետեւին, անհրաժեշտ աջակցութիւն կը տրամադրեն եւ խմբային առցանց հանդիպումներ ու ձեռնարկներ կը կազմակերպեն՝ ուսումնական արդիւնաւէտ ընթացք ապահովելու միտումով:
Ֆրանսայէն Ժիւլիան Լէքիւթիւրիէ կ'ըսէ. «Բոլոր անոնք, որոնք կ'ուզեն հայերէն սորվիլ կամ բարելաւել իրենց լեզուն, թող անպայման հետեւին ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն: Խճողուած առօրեայ ունեցողներուն եւ հայկական վարժարաններէն հեռու բնակող մարդոց համար այս ծրագիրը բացառիկ առիթ է»: