login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Ե. Զօրեան Պոլիս այցելեց 07/10/2019

Յուլիս 2019-ին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Զօրեան այցելեց Պոլիս եւ հանդիպում ունեցաւ Սահակ եպսկ. Մաշալեանի եւ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Ան ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի ծրագիրները եւ առցանց կրթութեան հնարաւորութիւնները: Ընդգծեց, որ ՀՀՀ-ի դասաւանդման լեզուներէն մէկը թրքերէնն է, նշելով, որ ՀՀՀ-ի պատրաստած ել. գիրքերը կարելի է անվճար ներբեռնել եւ կարդալ նաեւ թրքերէն լեզուով:  

իրին. «ՀՀՀ-ի դասընթացքները տարբեր մակարդակներ ունին, մատչելի են եւ գրաւիչ: Հեռավար ուսուցիչները միշտ կ'օգնեն եւ մեզի հետ կապի մէջ կը մնան skype-ով եւ ել. Նամակով: Մենք, հայրենիքէն հեռու ապրողներս, միշտ վախի մէջ ենք, որ կրնանք «կորսնցնել» մեր լեզուն: Այս առումով ՀՀՀ-ը հայերէն սորվելու եւ խօսելու շատ լաւ հնարաւորութիւն կ'ընձեռէ»:

 

Հայապահպանման ծիրէն ներս կատարուած աշխատանքներուն համար, եպսկ. Մաշալեան իր լաւագոյն մաղթանքները յղեց դոկտ. Զօրեանին եւ ՀՀՀ-ի անձնակազմին:

 

Պրն. Սարգիս Չաւուշեանի ուղեկցութեամբ դոկտ. Զօրեան հանդիպում ունեցաւ հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս՝ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ տնօրէն դոկտ. Արմենակ Մեծատուրեանի հետ: Այցելեց «Ժամանակ»ի, «Մարմարա»ի եւ «Փարոս»ի խմբագրատուները եւ հանդիպում ունեցաւ գլխաւոր խմբագիրներ Արա Քոչունեանի, Ռոպէր Հատտէճեանի եւ Մայտա Սարիսի հետ: Անշուշտ տեղի ունեցան քննարկումներ՝ ՀՀՀ-ի հետ հաւանական համագործակցութեան մասին:

 

Այնուհետեւ, Սեպտեմբեր 2019-ին, խումբ մը աշակերտներ եւ ուսուցիչներ՝  Պոլսոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանէն, Հայաստան կատարած շրջագայութեան ընթացքին ՀՀՀ-ի գրասենեակը այցելեցին եւ մօտէն ծանօթացան համալսարանի գործունէութեան: