Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Արցախի պետական նախարար Արտակ Պէկլարեանը եւ գլխաւոր խորհրդական Դաւիթ Յակոբեանը 2021-ի Նոյմբեր 1-ին, հանդիպում ունեցան ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեանի եւ Սիլիքոն Վալիի ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Քուփորթինոյի Ս. Անդրէաս հայկական եկեղեցւոյ սրահէն ներս: Կարծիքներ փոխանակուեցան Արցախի կրթութեան այսօրուան իրավիճակին եւ ապագայի ակնկալիքներու մասին եւ յատկապէս անդրադարձան ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի տրամադրած դասընթացքներուն, որոնք կը միտին խթանել ճարտարագիտութեան եւ տնտեսութեան զարգացումը:
Ներկաները քննարկեցին ՀՀՀ-ի ծրագիրները համագործակցաբար օգտագործելու հնարաւորութիւնները, անդրադարձան Արցախի դպրոցներուն եւ համալսարաններուն կրթական ծրագիրներուն մէջ ՀՀՀ-ի ել. ուսուցման հարթակի միջոցով առաջարկուող առցանց դասընթացքները ներառելու կարեւորութեան՝ նորարարական ուսուցումը ուսանողներուն հասանելի դարձնելու միտումով:
Առաջին դասընթացքը, որ պիտի ներգրաւուի Արցախի կրթական ծրագիրներէն ներս՝ «Արհեստական բանականութիւն»ն է: Այս դասընթացքի նպատակն է խթանել STEM (գիտութիւն, թեքնոլոճի, ճարտարագիտութիւն եւ ուսողութիւն) կրթութիւնը՝ երկրորդական դպրոցներու մէջ։ ՀԲԸՄ-ի Սիլիքոն Վալիի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ եւ «Սինոփսիս» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ մէջտեղ եկած ծրագիրը մշակուած է UEICT-ի (Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան տեխնոլոկիաներու գործատուներու միութիւն) եւ «Սինոփսիս Արմենիա»ի կրթական բաժինի կողմէ, սիլիքոն Վալիի ճարտարագիտութեան ոլորտի առաջատար փորձագէտներու աջակցութեամբ:
Ել. ուսուցման արդի լուծումներով հարստացած բազմաբնոյթ դասերը պիտի ներկայացուին ՀՀՀ-ի հարթակին: Դասընթացքը նախ պիտի կիրառուի Արցախի երկու դպրոցներու մէջ: ՀՀՀ-ը առցանց այս ուսուցումի գործանթացը պիտի կազմակերպէ հիպրիթ կրթական ծրագիրի միջոցով: