Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

Արժանթինի Ռոսարիօ ազգային համալսարանը (NRU) յաջողութեամբ ամփոփեց Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) հայոց լեզուի ծրագիրը։
2022 թուականի Դեկտեմբերին, Հումանիտար գիտութիւններու եւ արուեստի բաժինի ուսանողները Cátedra Armenia-ի անդամներու եւ Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչներու հետ նշեցին ուսումնական տարուան յաջողութիւնը:
Ռոսարիօ համալսարանը Լատին Ամերիկայի առաջին համալսարանն է, որ կը հետեւի ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն, բարձրացնելով հետաքրքրութիւնը տարբեր մշակոյթներու հանդէպ: Հայոց լեզուի ծրագիրը առիթ հանդիսացաւ, որ ուսանողները նոր մշակոյթի ծանօթանան եւ նոր լեզու սորվին: Լեզուի դասընթացքէն բացի, ուսանողները մասնակցեցան ՀՀՀ-ի կազմակերպած առցանց ձեռնարկներուն եւ հետեւեցան ուսումնական տարբեր նիւթերուն:
Այս ծրագիրին շնորհիւ ուսանողները նոր մշակոյթի ծանօթացան, նոր աշխարհայեացք ձեռք ձգեցին: Ուրախ ենք, որ կրցանք ապահովել կրթական նոր եւ բազմազան միջավայր: