login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Հայոց լեզուի դասընթացքը հասանելի է նաեւ փորթուկալերէնով 10/10/2023

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի Հայոց լեզուի դասընթացքի ծրագիրը հասանելի է փորթուկալերէնով: Անգլերէնի, ֆրանսերէնի, ռուսերէնի, սպաներէնի, թրքերէնի, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի կողքին, որպէս դասաւանդման լեզու աւելցաւ նաեւ փորթուկալերէնը: 

 

Փորթուկալերէնով դասաւանդելու որոշումը պատահական չէր, ան արդիւնքն է ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի առաքելութեան, որ կը միտի  հայկական կրթութիւն տարծել միշտ եւ ամէնուր: 

 

Բազմաթիւ հայեր կ'ապրին այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր փորթուկալերէնը ընդհանրացած լեզու է: Հետեւաբար այս ծրագիրը բացառիկ առիթ մըն է այն հայերուն, որոնք կը փափաքին հայերէն սորվիլ եւ կառչած մնալ իրենց արմատներուն ու մշակութային արժէքներուն: Փորթուկալերէնը ընդգրկուած է ամէնէն շատ խօսուող տասը լեզուներու ցանկին մէջ: Աշխարհի տարածքին կայ փորթուկալերէն խօսող 230 միլիոն մարդ եւ բոլոր անոնք, որոնք փորթուկալերէն կը խօսին՝ կրնան հետեւիլ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի առցանց ծրագիրներուն: 

 

Այս նորութիւնը բնականաբար կը հետաքրքրէ նաեւ համայնքային կեդրոններուն եւ ուսումնական տարբեր հաստատութիւններուն: ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրը, որ նախատեսուած է դպրոցներուն, համալսարաններուն եւ համայնքային կեդրոններուն, արդէն մեծ յաջողութեամբ կը նպաստէ 58 կրթական կեդրոնի յաջողութեան: Այժմ, հիպրիթ ծրագիրը կրնայ ընդարձակել իր գործունէութեան ոլորտը եւ ներգրաւել նաեւ կրթական այն կեդրոնները, ուր դասաւանդումը կը կատարուի փորթուկալերէնով: 

 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի այս նոր նախագիծը կարելի դարձաւ Պրազիլի ՀԲԸՄիութեան մասնաճիւղի համագործակցութեամբ: Փորթուկալերէնով դասաւանդուող Հայոց լեզուի դասընթացքը արդէն պատրաստ է եւ պիտի կիրարկուի 2024-ին:  

 

Արձանագրուելու համար կրնաք հետեւիլ այս տեսանիւթին։