Առաջարկներ 
                                    
                                    
                            
                                            Ընդունելութիւն 
                                    
                                    
                            Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս ՀՀՀ-ը մեծ եռանդով նպաստեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) ամառնային ծրագիրներու իրականացման:
Կրթական ծրագիրներն էին՝ ՀԲԸՄ «Երաժշտական Հայաստան»ը եւ ՀԲԸՄ Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիրը: Նպատակն է ծանօթացնել հայկական արժանիքները եւ կրթութեան ու ընկերային կապերու միջոցով ի մի բերել աշխարհի տարբեր կողմերը ապրող մարդիկը:   
ՀՀՀ-ը հաւատարմագրուած հայագիտական առցանց հաստատութիւն մըն է՝ առցանց դասաւանդման աւելի քան 10 տարուան փորձառութեամբ:  Իր կազմակերպած առցանց ձեռնարկներով կը զարգացնէ մասնակիցներուն գիտելիքները՝ հայկական մշակոյթի մասին: 
Այս ամառ, ՀԲԸՄ-ի «Երաժշտական Հայաստան» եւ   Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիրի երիտասարդ մասնագէտներուն համար ՀՀՀ-ը 5 ձեռնարկ կազմակերպեց:  
Յունիս 25-ին, «Երաժշտական Հայաստան»էն խումբ մը ուսանողներ մասնակցեցան հայկական երաժշտութեան հանճարեղ ներկայացուցիչին՝ Կոմիտասին նուիրուած առցանց ձեռնարկին: ՀՀՀ-ի հեռավար աւագ ուսուցչուհի  Անի Տեկիրմէնճեանը ներկայացուց Կոմիտասի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական քննարկում:  
Յաջորդ օր,  «Երաժշտական Հայաստան»էն ուրիշ խումբ մը, ՀՀՀ-ի կրթական բաժինի ղեկավար Մարինա Խաչատուրեանի հետ առցանց այցելեց  Մատենադարան՝   Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ:  Մասնակիցները ձեռագիր մատեաններուն ծանօթացան եւ հետաքրքրական հարցումներ  հարցուցին: 
«Երաժշտական Հայաստան»ի մասնակիցներուն համար կազմակերպուած վերջին ձեռնարկը նուիրուած էր հայ նշանաւոր երգահան եւ խմբավար՝ Արամ Խաչատուրեանին: Մասնակիցները առցան այցելեցին Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ ստացան հանճարեղ խմբավարի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն մասին:
Յուլիս 17-ին,  Նիւ Եորքէն եւ Պոսթընէն ՀԲԸՄ -ի Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիրին միացած ուսանողներուն համար ՀՀՀ-ը կազմակերպեց առցանց այցելութիւն մը դէպի  Սերկէյ Փարաճանովի թանգարան: ՀՀՀ-ի հեռավար աւագ ուսուցչուհի  Անի Տեկիրմէնճեանի առաջնորդութեամբ, ներկաները ծանօթացան թանգարանին, Փարաճանովի կեանքին եւ գործունէութեան: Այս ձեռնարկը առիթ մըն էր երիտասարդ սփիւռքահայերուն, որ ընկերային կապ հաստատեն իրարու հետ եւ  աւելի կապուին իրենց արմատներուն:
Քանի մը օր ետք, դարձեալ Յուլիսին, ՀՀՀ-ը Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիրին հետեւողներուն համար ուրիշ ձեռնարկ մը կազմակերպեց:  Այս անգամ կրթական բաժինի ղեկավար՝ Մարինա Խաչատուրեանը ներկայացուց հայոց պատմութեան ամէնէն կարեւոր ճակատամարտերը՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլասայի ճակատամարտերը: Ձեռնարկի աւարտին ներկաները առցանց այցելեցին Սարդարապատի յուշահամալիրն ու թանգարանը եւ ծանօթացան հայ ազգային հերոսներու կեանքին եւ սխրագործութիւններուն:    
«Երաժշտական Հայաստան»ը  տասնօրեայ յագեցած ծրագիր է: Ամէն տարի տեղի ունեցող այս ծրագիրին կրնան միանալ բոլոր երաժիշտներն ու երաժտասէրները:
ՀԲԸՄ -ի Համաշխարհային առաջնորդութեան ծրագիրը 8 շաբաթեայ ծրագիր է:  Ամէն տարի տեղի ունեցող այս ծրագիրին նպատակն է  մասնագիտական – ուսումնական ոլորտէն ներս գործնական փորձառութիւն ձեռք ձգելու հնարաւուրութիւն ընձեռել եւ համախմբել աշխարհատարած հայ երիտասարդները: