login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ եգիպտոսի յաջող վերադարձը՝ հիպրիթ ծրագիրի ծիրէն ներս 08/10/2022

«Մենք կը խօսինք Հայերէն» վերնագիրով տեսանիւթը պատրաստուած է 2013-ին, Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղի եւ Հայկական համացանցային համալսարանի (ՀՀՀ) համգործակցութեամբ հիմնուած հիպրիթ դպրոցի՝ ՀՀՀ-ՀԲԸՄ Գահիրէի կողմէ: ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին միացող առաջին դպրոցներէն է: Այդ օրէն, ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին միջոցով հայոց լեզուի եւ ճատրակի դասընթացքներուն հետեւած է աւելի քան 65 ուսանող:


Համավարկի պատճառով երկու տարուան ընդհատումէն ետք, համագործակցութիւնը նոր թափ ստացաւ: 2022-ի Մայիսին, աւելի քան 50 նոր եւ նախկին ուսանողներ մասնակցեցան ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի եւ ճատրակի դասընթացքներուն: Դպրոցի ծրագիրը սահուն կ'ընթանայ ընդհանուր տնօրէն՝ տիկ. Ասիա Գաբրիէլեան-Սիմոնեանի եւ ՀՀՀ-ի դեսպան ու աւագ խորհրդական՝ տիկ. Աննա Տոլապճեան-Տրայեանի ղեկավարութեամբ:


Այս արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը կարելի դարձաւ շնորհիւ Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի պատուոյ նախագահ՝ պրն. Պերճ Թէրզեանի, Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղի փոխ ատենապետ եւ Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի ատենապետ՝ պրն.  Օննօ Պելէքտանեանի եւ յատկապէս Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղի ատենապետ եւ Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի փոխ ատենապետ՝ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեանի անմիջական եւ անդուլ աշխատանքին շնորհիւ:
 

Կարդացէք այստէղ՝  http://agbuegypt.com/32-armenian-language-students-and-19-for-chess-enrolled-in-avc-agbu-egypt
 

Սոյն տեսանիւթի հրապարակումէն կարճ ատեն մը ետք, սիրտի խոր կսկիծով իմացանք պրն. Օննօ Պելէքտանեանի եւ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեանի անժամանակ մահը: