Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ՀՀՀ-ին միացող հայկական դպրոցներուն թիւը կ’աւելնայ իւրաքանչիւր ուսումնական շրջան, արձանագրելով նոր յաջողութիւններ: Վերջերս, ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրին միացաւ Սիտնիի Լոյս Հայկական Վարժարանը, աւանդական կրթական ծրագիրը հարստացնելով առցանց կրթութեան նոր միջոցներով:
Աւստրալիոյ մէջ ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ Միհրան Լեփէճեանի հետեւողական ջանքերուն եւ վարժարանի ուսուցչուհի Իրինա Ղուկասեանին շնորհիւ, 2017 թուականի գարնանային ուսումնական շրջանին, հայկական այս վարժարանը միացաւ ՀՀՀ-ին: Մօտաւորապէս 45 մասնակիցներ արձանագրուեցան ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի դասընթացքի տարբեր դասարաններուն, ըստ իրենց հայերէնի իմացութեան մակարդակին: Պարզ մակարդակէն մինչեւ բարձր խօսակցական մակարդակի դասընթացքները անգլերէն լեզուով կ՚ուսուցանուին:
Դպրոցի տնօրէն Հայր Բարսեղ Սուսանեանը եւ ուսուցիչները շատ ոգեւորուած են. անոնք կը նկատեն այս ոճի արդիւնաւէտութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը՝ աշակրտներուն կողմէ:
Արդարեւ, հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը, դասաւանդման նորարար մօտեցումով, կը ծառայէ ՀՀՀ-ի առաքելութեանը՝ հայկական կրթութիւնը հասանելի դարձնելով աշխարհասփիւռ հայութեան: